Չորեքշաբթի, 04. 06. 2025

spot_img

Արշակ Յարութիւնեան

Արշակ Յարութիւնեան (5 Ապրիլ 1869, Թիֆլիս, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն – 27 Յուլիս 1936, Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Անդրկովկասի ԽՖՍՀ, Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւններու Միութիւն), հայ դերասան, ՀԽՍՀ վաստակաւոր դերասան (1934)։

Արշակ Յարութիւնեանը ծնած է 1869-ին, Թիֆլիս։ Եղած է հայ թատրոնի ամենահին դերասաններէն մէկը։ Աւարտած է Ներսիսեան դպրոցը։ 1887 թուականէն ան դերասանական գործունէութեան սկսած է։ Աշխատած է Թիֆլիսի եւ Պաքուի թատրոններուն մէջ, խաղցած է Գէորգ Չմշկեանի եւ Գ. Տէր-Դաւթեանի խումբերուն հետ, Դ. Պետրոսեանի, Յովհաննէս Աբելեանի, Մայսուրեան-Զարիֆեան եւ այլ խումբերու հետ հանդէս եկած է Կովկասի, Միջին Ասիոյ, Պարսկաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ։ Հիմնականօրէն խաղցած է ուժեղ խառնուածքի դրամատիկական դերեր, հարազատութեամբ վերարտադրած է յատկապէս սունդուկեանական կերպարները։ 25 Յունուար 1922-ին, Երեւանի Առաջին Պետթատրոնի բացման օրը խաղցած է «Պեպօ» ներկայացումին մէջ, ուր հանդէս եկած է գլխաւոր դերով։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին