Երկուշաբթի, 29. 04. 2024

spot_img

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս Նուազագոյն Հաշուով Զիջեցաւ Լիբանանի Բաժակը

Մինի Ֆութպոլ

  Մինի ֆութպոլը համեմատաբար  նոր մարզաձեւ մըն է  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  մարզաձեւերով  հարուստ  ընտանիքին մէջ: Այսուհանդերձ, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի կազմը պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրեց Լիբանանի  այս տարուան բաժակի մրցումներուն:  Մեր տղաքը բաժակի  աւարտականին, նուազագոյն՝ 2-1 արդիւնքով զիջեցան  իրենցմէ  շատ աւելի  փորձառու եւ արհեստավարժ  լիբանանեան բանակի խումբին:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ   մինի ֆութպոլի  կազմը փայլուն յաղթանակներ արձանագրելով հասաւ բաժակի կիսաւարտականին եւ  Ռիսելէ  Ղազիէին՝ 4-1 արդիւնքով  պարտութեան մատնելէ ետք՝  աւարտականին: Աւարտականին  մեր մրցակիցն էր նախորդ տարուան  բաժակակիր լիբանանեան բանակի խումբը:

Մեծ թիւով ՀԵԸ-ականներ դաշտ եկած էին քաջալերելու  իրենց սիրելի խումբին, որոնց մէջ սկաուտներ,  Ֆանֆարի կազմը եւ համակիրներ:

 Մրցումը սկսաւ  փոխադարձ յարձակումներով: Առաջին կիսախաղը վերջ գտաւ՝ 1-1  հաւասարութեամբ: Երկրորդ  կիսախաղը դարձալ ընթացաւ հաւասար պայքարով եւ միայն մեր մարզիկներուն  միջեւ անհասկացուղութիւն մը պատճառ դարձաւ, որպէսզի   բանակը նշանակէ  իր երկրորդ  եւ յաղթանակի կոլը:

 Կ’արժէ նշել, որ  կիսաւարտականի եւ աւարտականի մրցումները տեղի ունեցան ՀԵԸ Անդրանիկի նորաստեղծ  մարզադաշտին մէջ եւ  ուղիղ  հաղորդումով սփռուեցան Էլ. Պի. Սի. հեռատեսիլի կայանէն:

 ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի մարզասէրներուն անունով կը շնորհաւորենք լիբանանեան բանակի խումբը  այս յաղթանակին առիթով:

 Ճիշդ է, որ մեր  մարզիկները  ձեռնունայն դուրս  վերադարձան դաշտէն, սակայն շահեցան   լիբանանցի մինի ֆութպոլի  սիրահարներուն համակրանքը:

 ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի կազմին գլխաւոր մարզիչն է  Ատէլ Ռիզքը, օգնական ունենալով Գօգօ Ալլոզեանը: Խումբին վարչական պատասխանատուն է Ալեքս Առաքելեանը, իսկ  Լիբանանի  մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մէջ  մերներկայացուցիչն է  փոխատենապետ Թոնի Ճունթոյեանը:

  Լիբանանի  մինի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը պիտի սկսի Յունիսին:Ներկայիս  մեր խումբը կը պատրաստուի Ռամատանի բաժակի մրցաշարքին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին