Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Փոլա Եագուպեան Այցելեց Թէքէեան Կեդրոն

Կիրակի 3 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան «Պէյրութ Առաջին» ընտրաշրջանի երեսփոխանական թեկնածու՝ Փոլա Եագուպեան եւ իր ցանկակիցները այցելեցին Թէքէեան Կեդրոն՝ հիւրերը հանդիսանալով ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան: Եագուպեանին կ՛ընկերակցէր նաեւ «Պեքաա Առաջին» Զահլէի ընտրաշրջանի երեսփոխանական թեկնածու՝ Զօրավար Նարեկ Աբրահամեանը: Հիւրերուն դիմաւորեցին, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեանը, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ եւ ՌԱԿ-ի նախկին երեսփոխան՝ ընկ. Յակոբ Գասարճեանը եւ ՌԱԿ-ի ու ԹՄՄ-ի Լիբանանի շրջանակը ներկայացնող՝ պատասխանատու ընկերուհիներ եւ ընկերներ:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը միասնաբար քննարկեցին Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը յուզող հարցեր: Փոլա Եագուպեան ներկայացուց իր ցանկին ծրագիրը եւ պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն:

Ընկ. Յակոբեան դրուատիքով խօսեցաւ Եագուպեանի արժանիքներուն մասին եւ ջատագովեց յանուն Լիբանանի քաղաքացիին բարօրութեան եւ գերիշխան ու փտածութենէ զուրկ երկիր մը ունենալու իր տեսլականն ու տարած աշխատանքները: ՌԱԿ-ի Լիբանանի ատենապետը շրջանակին անունով ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց Փոլա Եագուպեանին ու իր ցանկին, ինչպէս նաեւ Զօր. Նարեկ Աբրահամեանի թեկնածութեանց: Ընկ. Յակոբեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ Եագուպեանի քաղաքական ու ընկերային հայեացքները մեծապէս կը համընկնին ՌԱԿ-ի Լիբանանի հանդէպ ունեցած տեսլականին հետ եւ հետեւաբար այս առումով  Եագուպեան լաւապէս կը ներկայացնէ ՌԱԿ-ը, ինչպէս ՌԱԿ-ը իր կարգին՝ կը ներկայացնէ Եագուպեանը:

Փոլա Եագուպեան  շնորհակալութիւն յայտնեց իր անձին եւ իր ծրագիրներուն հանդէպ ՌԱԿ-ի ցուցաբերած վստահութեան  համար: Ան մեծապէս գնահատեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ազգանուէր ու անաչառ կեցուածքներն ու ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի ու առողջ հաւաքականութեան հանդէպ ունեցած սկզբունքային մօտեցումները:

Զօր. Աբրահամեան իր կարգին կարեւորեց Լիբանանի հայկական համայնքին գործօն մասնակցութիւնը համալիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ եւ շեշտը դրաւ անոր առաջանորդողի դեր ստանձնելուն վրայ:

Ընկ. Յակոբ Գասարճեան բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն, շեշտելով, որ Թէքէեան Կեդրոնը տունն է իւրաքանչիւր հայորդիի, որ կ՛աշխատի Լիբանանի եւ լիբանանահայ համայնքին համար:

Մտերմիկ հանդիպման մթնոլորտին մէջ ընկ. Յակոբեան, Փոլա Եագուպեանի ծննդեան տարեդարձին նախօրէին զուգադիպող այս այցելութեան առիթով անակնկալ մը մատուցեց հիւրին, միասնաբար նշելու իր տօնը:

Հանդիպման աւարտին կողմերը իրար շնորհաւորեցին եւ յաջորդող օրերուն գործակցութիւնը աւելի եւս սերտացնելու պատրաստակամութիւն յայտնեցին:

Նշենք, որ այս տարի Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները, ծրագրուած են, որ տեղի ունենան յառաջիկայ Մայիսի 15-ին:

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան
Տեղեկատուական Գրասենեակ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին