Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Յարութիւն Թորոսեանին

Հասցէատիրոջ Չհասած Նամակ Մը

Սիրելի Բարեկամ, Ողջոյն

Մարդ արարածը հետաքրքրուող, մտածող, ելքի մը համար աշխատող կենդանի է վարկածներով լի:

Չեմ գիտեր թէլէբադիին կը հաւատա՞ս թէ չէ… մի քանի օր առաջ էր ըսի (մենախօսութիւնը հոս սովորական եղաւ քանի որ շուրջս անապատ դարձաւ քովիտով եւ շրջանակի սահմանափակումով) մեր բարեկամը արդեօք Լիբանա՞ն է տակաւին, թէ՝ Ֆրանսա…եւ ահա նամակդ անակնկալի պէս Ծնունդի նախօրեակին. խորհուրդներով, ջերմութեամբ, քաջալերանքով, բարեկամական մտերմիկ շունչով անցեալը վերակոչող որոնց կարօտը ունիմ գալէս ի վեր: Հիմա այդ վերացական զգացական մեր հայրենասիրական ապրումները թաղուած են առանց յարութեան յոյսով: Ես այլեւս պայքարելու դաշտը չունիմ. Ինչ որ ըրի իզուր ելան ամբողջովին: Ես Հայաստան անունը կնքեցի Վայաստան: Ձմեռը՝ սառցարան, ամառը՝ վառարան, ժողովուրդը՝ Խառնարան, մանաւանդ՝ քաղաքական գետնի վրայ: Եղբայր, ֆրանսացիները պիտի ըսէին ՍԷ ԹՐՕ (այս շա՜տ է): Թշնամին կ՛առեւանգէ, կը սպանէ, հողդ կը յափշտակէ կը գերեվարէ, իսկ այսպէս կոչուած ԸՆՏՐԵԱԼՆԵՐԸ՝  Ազգային Ժողովի մէջ շիշերամարտ  կը խաղան, կռփամարտ կը սարքեն իրար կը նուաստացնեն…Չէ, չէ շատ հեռու ենք Ազգ ըլլալէ ըստ իս  անբուժելի է այս երկիրը: Մի վշտանար որ զաւակներդ, մեր զաւակները աշխարհի ամէն կողմի պիտի ձուլուին ՆԵՐԱՌԵԱԼ՝ ՎԱՅԱՍՏԱՆԻ: Մօտ է, միքանի տասնեակ տարի հայրենի իշխանութիւնները, իրենց գործելաձեւով, Հայաստանին ողնայարը կոտրեցին:

Որքա՜ն կ՛ուզէի այս Ծնունդի Օրով եւ մանաւանդ՝ այս առաջին նամակիդ առիթով յուսատու եւ քաջալերական խօսքերով դիմաւորել  Քեզ իբրեւ Բարեկամ, Սրտակից, եւ Հայ…բայց չկարողացայ իրականութիւնէն խուսափիլ: Ի միջի այլոց ՔՈՎԻՏ ըսուածէն ազատեցայ շնորհիւ հիւանդանոցային խնամքի որ տեւեց երկու  շաբաթ թէեւ երկու ամիս անցաւ սակայն ինքզինքս տկար կը զգամ: Պապաս պիտի ըսէր ՊՈՒՆԱ ՏԱ ՇԻՒՔԻՒՐ (ասոր ալ փառք)…

ԲԹԱՑԱԾ ԵՄ թէեւ այդքան ալ բան մը չէի ՊԻ ՍԱՐԱՀԱ (անկեղծօրէն): Կ՝ուզէի անուշ խօսքերով աւարտել սա գրութիւնս, բայց ՕՐԵՐԸ ԿԸ ՀՐԱՄԱՅԵՆ: Բարեւներ Կիմային Զաւակներուդ եւ անոնց Պտուղներուն: Բարեւներ նաեւ՝ ՎՐՁԻՆՆԵՐՈՒԴ ԵՒ ՄԱՏԻՏԻԴ:

Սիրով՝ քոյդ՝

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

(Դժբախտաբար սոյն նամակս Իրեն հասնելէն առաջ արդէն Ինք հեռացեր է կեանքէն: Ցաւ մըն ալ այս է. երկարակեացութեան արդիւնքներէն մին ալ «Վերը աւելի Բարեկամ ունենալ է քան՝ Հոս…):

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին