Երեքշաբթի, 23. 04. 2024

spot_img

Հայկազեան Համալսարանի Յատուկ Ընդունելութիւնը Հայ Կաթողիկէ Ս․ Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի Աւարտական Դասարաններու Աշակերտներուն

Լիբանանահայ Դպրոց

Վարժարանիս մեծաւոր պրն. Արամ Գարատաղլեանի խնդրանքին ընդառաջելով, Հայկազեան Համալսարանը, երեքշաբթի 29 Մարտ 2022-ի առաւօտեան, յատուկ ընդունելութիւն մը կազմակերպեց Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի ակադեմական եւ արուեստից բաժիններու աւարտական դասարաններու աշակերտներուն համար:

36 աշակերտներ, ընկերակցութեամբ իրենց մեծաւորին, այցելեցին համալսարան, ուր դիմաւորուեցան Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի կողմէ, որ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով, եւ յայտնեց, որ Հայկազեանի շրջափակին մէջ նմանօրինակ հանդիպում՝ հայկական վարժարանէ մը այսքան թիւով աւարտական դասարանի աշակերտներու հետ, առաջին անգամն է որ կը կայանայ իր նախագահական տարիներու ընթացքին 2002-էն ի վեր: Դոկտ. Հայտոսթեան շնորհակալութիւն յայտնեց պրն. Գարատաղլեանին եւ բարձր գնահատեց Ս. Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի եւ Հայկազեան Համալսարանի համագործակցութիւնը: Ապա ան պատմական ակնարկ մը տուաւ համալսարանին մասին: Իր կարգին պրն. Գարատաղլեան հակիրճ ելոյթով մը հանդէս եկաւ, շնորհակալութիւն յայտնեց համալսարանի նախագահ Դոկտ. Հայտոսթեանին ու տարբեր բաժանմունքներու տնօրէններուն եւ պատասխանատուներուն, որոնք սիրայօժար ընդառաջեցին յատուկ ընդունելութեան գաղափարին, առաջնորդելու համար հայ աշակերտները սփիւռքի միակ հայկական համալսարանը, որ եւս լաւագոյններէն է: Ելոյթի աւարտին պրն. Գարատաղլեան աշակերտներուն խորհուրդ տուաւ իրենց բարձրագոյն ուսման վերաբերեալ բոլոր հարցումները ուղղելու՝ յստակ տեսլական ունենալու համար:

Դիմաւորման արարողութենէն ետք աշակերտները առիթ ունեցան հանդիպելու Առեւտրական եւ Տնտեսագիտութեան Բաժանմունքի տնօրէն Դոկտ. Ֆատի Ասրաուիի հետ, Արուեստի եւ Գիտութեան Բաժանմունքի տնօրէն՝ Դոկտ. Արտա Էքմէքճիի հետ, Աշակերտական Կեանքի Գրասենեակի պատասխանատու Պրն. Ռազմիկ Գաբրիէլեանի հետ, եւ Նիւթական Օժանդակութեան ու Կրթանպաստներու Գրասենեակի պատասխանատու տիկ. Գարինա Մուչոյեան Ալ Հաժի հետ. բոլորին հետ առիթ ունեցան հարցազրոյց ունենալու:

Աշակերտները հնարաւորութիւն ունեցան նաեւ այցելելու Մաթոսեան Պատկերասրահը, գրադարանները, պարտէզը, ճաշարանը եւ համալսարանի ընդունելութեան գրասենեակը եւ նոյնիսկ առիթ ունեցան մասնակցելու տարբեր ուսանողական ակումբներու կողմէ կազմակերպուած զուարճալի միջոցառումներու, որոնք տեղի կ’ունենային համալսարանին շրջափակէն ներս։ Հաճելի հանդիպումներ տեղի ունեցան նաեւ վարժարանէս շրջանաւարտ, ներկայիս Հայկազեան յաճախող ուսանողներու եւ այցելու աշակերտներուն միջեւ, որոնք լաւ առիթ ստեղծեցին կիսելու որոշ խորհուրդներ եւ փորձառութիւններ:

Ս. Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան անունով շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հայկազեան Համալսարանին ջերմ ընդունելութեան համար: Յատուկ շնորհակալութիւն օրիորդ Նաթալի Թաքաճեանին, որ կանգնած էր այս իւրայատուկ ու օգտաշատ օրուան յաջողութեան ետին:

Լրատուական Գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Ս․ Խաչ – Հարպոյեան
Բարձր․ Վարժարանի
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին