Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Համիէն Այցելութիւնը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ ՀՀ Դեսպանին

Լիբանանի Հանրային Աշխատանքներու եւ փոխադրութեան նախարար Ալի Համիէ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Պրն. Վահագն Աթաբեկեանին: Հանդիպման ընթացքին Պրն. Դեսպանը նախարարին ներկայացուց Հայաստանեան կողմի առաջարկը, որն է՝  Հայաստանի ազգային օդանաւային նորահաստատ ընկերութեան  միջոցաւ, Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ օդային երթուղիի հաստատումը՝ Երեւան-Պէյրութ-Երեւան շաբաթը մէկ կամ երկու թռիչքով:

Համիէ պատրաստակամութիւն յայտնեց սերտելու առաջարկը հիմնուելով այն փաստին վրայ, որ նմանօրինակ նախաձեռնութիւն մը դրական նպաստ կը բերէ երկու երկիրներու փոխյարաբերութեանց:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին