Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Պարգեւատրում ՀԲԸՄ-ի Նախագահ՝ Մեթր Պերճ Սեդրակեանին

Կեանքը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանին Մէջ

Չորեքշաբթի 16 Մարտ 2022 թուականը եզակի օր մըն էր Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանին համար, քանզի իր ներկայութեամբ մեր վարժարանը պատուեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Նախագահ Մեթր Պերճ Սեդրակեան:

Անոր կ’ընկերակցէին ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի Ատենապետ Տիար Ժերարտ Թիւֆէնքճեան , ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի  Ատենապետ Տիար Յակոբ Գասարճեան, ԹՄՄ Հիմանդիրներու Մարմնի Ատենադպրուհի եւ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի Հոգաբարձութեան Ատենապետուհի՝ Տիկ. Անի Լաչինեան Մակարեան, ինչպէս նաեւ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի, ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ու ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան  անդամ Տիար Մայք Վայէճեան եւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան փոխատենապետ, ԹՄՄ Տեղական Վարչութեան Ատենապետ եւ Վահան Թէքէեան Վարժարանի Հոգաբարձութեան Ատենադպիր Տոքթ. Յակոբ Փափազեան:

Ներկաները հիւրընկալուեցան Վահան Թէքէեան Միջն. վարժարանի նորանշանակ Տնօրէնուհի Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան Տարագճեանին կողմէ: Տնօրէնութեան գրասենեակէն ներս տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն եւ հիւրասիրութիւն ի պատիւ հիւրերուն:

Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի Հոգաբարձութեան Ատենապետուհի Տիկ. Անի Լաչինեան Մակարեան եւ Տնօրէնուհի Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան Տարագճեան ընդհանուր գիծերու մէջ հիւրերուն ծանօթացուցին Վարժարանին կրած վնասները Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով:  Նշուեցաւ ԹՄՄ-ի Հիմնադիրներու Մարմնի Ատենապետ Պրն. Յակոբ Գասարճեանի կազմակերպած դրամահաւաքը վարժարանի վերանորոգման աշխատանքներուն համար եւ առ այդ շնորհակալական խօսքեր ուղեցին ՀԲԸՄ-ի ունեցած նիւթական իշխանական ներդրումին: Ապա շնորհաւորական խօսքեր փոխանցեցին Մեթր Պերճ Սեդրակեանին իր երկարամեայ նուիրումին եւ մանաւանդ իր Նախագահութեան 20 ամեակին առիթով իր տարած ազգանուէր առաքելութեան համար:

Անդրադարձ եղաւ վարժարանի պատմութեան, շրջանաւարտներու եւ աշակերտութեան թիւի մասին: Յիշուեցաւ վարժարանի շրջանաւարտներէն եւ ՀԲԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Սէմ Սիմոնեանի անունը, որ որպէս Թէքէեանցի միշտ ալ ապացուցած է իր ունեցած պատկանելիութեան ոգին, յարաճուն կերպով նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնելով վարժարանին, ինչպէս նաեւ խօսուեցաւ թէ նկատի ունենալով Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամը ԹՄՄի Հիմնադիրներու Մարմինը նախաձեռնութիւնը առաւ վերջին երկու տարիներուն վարժարանին կրթաթոշակը դարձնել անվճար թեթեւցնելու համար ծնողներուն տնտեսական բեռը:

Հուսկ, նախ. Զ. դասարանի աշակերտուհի՝ Կալիա Նորշահեան ապրումով ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար» բանաստեղծութիւնը, որ կը պատշաճի ՀԲԸՄի նախագահ Մեթր Պերճ Սեդրակեանի կեանքին եւ գործունէութեանց, որմէ ետք ԹՄՄի Հիմնադիրներու Մարմնի Ատենապետ՝ Տիար Յակոբ Գասարճեան եւ Վահան Թէքէեան Վարժարանի Հոգաբարձութեան Ատենապետուհի՝ Տիկ. Անի Լաչինեան Մակարեան յուշատախտակով պատուեցին Մեթր Պերճ Սեդրակեանը:

Ձախէն՝ Տիար Մայք Վայէճեան, Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան Տարագճեան, Տիար Ժերարտ Թիւֆէնքճեան, Տիար Յակոբ Գասարճեան, Մեթր Պերճ Սեդրակեան, Տիկ. Անի Լաչինեան Մակարեան, Տոքթ. Յակոբ Փափազեան:

Յարատեւ վերելք եւ բարգաւաճում կը մաղթենք ՀԲԸՄ-ին, անոր նուիրեալ նախագահին եւ Լիբանանի Շրջանակային Վարչութեան:

Վահան Թէքէեան Միջ. Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին