Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Մանուկ Աբեղեան

Մանուկ Աբեղեան (17 (29) Մարտ 1865, Թազաքենդ, Նախիջևանի գաւառ, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն – 25 Սեպտեմբեր 1944, Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւններու Միութիւն), հայագէտ, հասարակական գործիչ, գրականագէտ, լեզուաբան, բառարանագիր, բանահաւաք, փրոֆեսոր (1926), բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր (1935), ՀԽՍՀ Գիտութիւններու ակադեմիայի ակադեմիկոս (1943), ՀԽՍՀ գիտութեան վաստակաւոր գործիչ (1935), արեւելահայերէնի արդի ուղղագրութեան հեղինակ։

Մանուկ Աբեղեան ծնած է Հին Նախիջեւանի մօտ Աստապատ գիւղին մէջ 5 Մարտ 1865  թուականին։ Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է Աստապատի Կարմիր վանքին մէջ։ 1876-ին կը մտնէ Գէորգեան ճեմարան։ 1885-ին աւարտելով, նոյն տեղը՝ ուսուցիչի, գրադարանապետի, քարտուղարի պաշտօններ կը ստանձնէ ու այդ պաշտօնները երկու տարի կը վարէ։ 1887-1889 թուականներուն ուսուցչական պաշտօն կը վարէ Շուշիի Թեմական դպրոցին մէջ, իսկ 1889-1893 թուականներուն Տփխիսի (Թիֆլիս) Յովնանեան օրիորդաց ուսումնարանէն ներս։ 1893-ին կը մեկնի արտասահման՝ բանասիրութիւն եւ մասնաւորապէս ընդհանուր գրականութիւն, ուսանելու։ 1893-1895 եւ 1896-1898-ին, իբրեւ իսկական ուսանող, կը յաճախէ Ենայի, Լայպցիկի եւ Պերլինի համալսարանները եւ 1895-1896 թուականներուն, իբրեւ ազատ ունկնդիր, կը հետեւի Փարիզի համալսարանի դասախօսութիւններուն։ 1898-ին Ենայի համալսարանին մէջ քննութիւն տալով՝ դոկտորական աստիճանով, կ՛աւարտէ ու Կովկաս կը վերադառնայ, ուր կը հրաւիրուի Գէորգեան ճեմարան, իբրեւ դասատու հայ լեզուի եւ գրականութեան։

Աբեղեան դեռ արտասահման չգացած զբաղած է հայոց գրականութեամբ եւ լեզուով։ Անոր առաջին գրուածքները բանաստեղծական անյաջող փորձեր են՝ տպուած «Աղբիւր»-ի մէջ եւ առանձին գրքոյկով։ 1889-էն Տփխիսի (Թիֆլիս) մէջ ապրելով եւ առանձնապէս հետաքրքրուելով լրագրական գործով, «Նոր-Դար»-ի գլխաւոր աշխատակիցներից մէկը կը դառնայ ու անոր յօդուածները՝ կեղծ ստորագրութիւններով, առանձին հետաքրքրութեամբ կը կարդացուին։ 1891 եւ 1892 թուականներուն կը վարէ նաեւ, ժամանակաւոր, խմբագիրի պաշտօն։ 1893-ին կը տպէ «Հայոց Լեզուի Ուղղագրութիւն»ը եւ հայոց հրատարակչական ընկերութեան յանձնարարութեամբ, որուն խմբագրական մասնաժողովի անդամ էր, կը թարգմանէ Թոլսթոյի «Արդարն Ու Մեղաւորը» եւ Կոկոլի «Թարաս Պուլպա»ն։ Մինչեւ արտասահման մեկնումը ան կաշխատակցի նաեւ «Մուրճ»-ին, իսկ արտասահմանէն «Նոր-Դար»-ին եւ «Արարատ»-ին։ Գալով Կովկաս ան կը սկսի զբաղիլ հայ ժողովրդական բանահիւսութեամբ, որու դադրած դասախօսութիւնը կը վերսկսի Գէորգեան ճեմարանէն ներս։

Դեռ 1886-ին Էջմիածնոյ մէջ գրի կ՛առնէ «Դաւիթ Եւ Մհեր» դիւցազնավէպին նշանաւոր տարբերակը, որ 1889-ին կը տպէ Շուշիի մէջ։ Այս վէպը ռուսահայոց գրականութեան մէջ նոր շարժում մը առաջ կը բերէ եւ կ՛ունենայ հետեւողներ։ «Հայոց Ժողովրդական Հաւատքը» վերնագիրն է անոր՝ դոկտորութիւն ստանալու աւարտաճառին, որուն մէջ՝ բաղդատութեամբ ուրիշ ազգերու հաւատքի եւ դիցաբանութեան, ուսումնասիրած է հայոց ժողովրդական հաւատքի հեթանոսական կողմերը, ինչպէս են՝ հոգիի հաւատք ու մեռելներու պաշտամունք, լոյսի եւ խաւարի, ճակատագիրի, ջուրերու, բոյսերու, կրակի եւ այլ պաշտամունքներ։

Ան զբաղած է Կոմիտաս Վարդապետի հետ ժողովրդական երգերու բաղդատութեամբ ու խմբագրութեամբ։ Երգերու առաջին յիսնեակը լոյս կը տեսնէ «Հազար Ու Մի Խաղ» վերնագիրով 1903-ին։ Բացի այս, ճեմարանի ուսուցիչ Սէթ Յարութիւնեանցի հետ միասին, կը զբաղի Մովսէս Խորենացիի պատմութեան ձեռագիրներու բաղդատութեամբ, բնագիրը վերականգնելու գործով եւ կը կազմէ հայոց լեզուի ընդարձակ քննական քերականութիւն, զոր կը մշակէր երեք տարիներէ ի վեր։

Կը մահանայ 25 Սեպտեմբեր 1914-ին, Երեւանի մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին