Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Տեառնընդառաջի Նախատօնակը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Կիրակի, 13 փետրուար 2022-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ նշուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ անդաստանի արարողութիւն, մանուկներու տաճար ընծայում եւ աւանդական խարոյկի հրավառութիւն: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղեց իր հայրապետական պատգամը:

Վեհափառը փառք ու գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ այս տարի եւս հոգեպարար արարողութիւնը հաւաքաբար յիշատակելու առիթը ունեցանք: Ան նշեց, որ աւանդութիւնները քրիստոնէութեան հաւատքը արտայայտող ամէնէն ազդու երեւոյթներէն են: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ այնպէս, ինչպէս ծնողները իրենց քառասնօրեայ մանուկները եկեղեցի կը բերեն` ստանալու համար Աստուծոյ օրհնութիւնը, նոյնպէս ալ բոլորս, Տեառնընդառաջի տօնին եկեղեցի կու գանք` մեր անձերը Աստուծոյ ընծայելու համար:

Ապա, վեհափառ հայրապետը լուսարձակի տակ առաւ հիմնական երեք միջավայրեր, որոնք կոչուած են հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու աղբիւր հանդիսանալու եւ մեր զաւակները դաստիարակելու` եկեղեցի, ընտանիք եւ դպրոց:

Խօսելով եկեղեցւոյ մասին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ Քրիստոս Իր երկրաւոր առաքելութեան վերջալոյսին, իր աշակերտներուն տուաւ առաքելութեան պարտականութիւն: Առ այդ, վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ թէեւ փոքր մանուկներ լիովին չեն ըմբռներ եկեղեցւոյ արարողութիւնը, սակայն հոն կը տեսնեն ու կը սորվին մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքները: «Ես կ՛ուրախանամ, երբ եկեղեցական արարողութեանց ընթացքին մանուկներու ձայները լսեմ: Այդ դրական երեւոյթ է», ըսաւ ան` յորդորելով, որ ծնողները իրենց զաւակները կիրակնօրեայ դպրոց առաջնորդեն:

Ինչ կը վերաբերի ընտանիքին, վեհափառ հայրապետը նշեց, որ ընտանիքը փոքր եկեղեցի է, ինչպէս բնորոշած են մեր եկեղեցւոյ հայրերը: Ան շեշտեց, որ ընտանիքը սրբավայր է, ուր պիտի կրթուին մեր մանուկները` հիմնական դաստիարակ ունենալով ծնողքը: Իր խօսքը յատկապէս մայրերուն ուղղելով` վեհափառ հայրապետը վերյիշեցուց. «Սիրելի՛ մայրեր, ձեր առաջին կոչումն է ձեր զաւակները հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով սնուցանել»:

Վերջապէս, անդրադառնալով հայ դպրոցին, վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ պետական ծրագիրին կողքին, դպրոցը կարեւորութիւն պէտք է տայ կրօնական ու բարոյական դաստիարակութեան, որպէսզի կրօնի ու Սուրբ գրոց դասապահերու եւ հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ճամբով աշակերտները սորվին աստուածաշնչական արժէքները, սկզբունքներն ու ճշմարտութիւնները: Վեհափառ հայրապետը թելադրեց ծնողներուն, որ իրենց զաւակները առաջնորդեն հայ դպրոց: «Հայ դպրոցը մեզի համար, իր դաստիարակչական դերով, ընտանիքին եւ եկեղեցւոյ համապարփակ առաքելութեան մաս կը կազմէ: Եւ ճիշդ ատոր համար, նայեցէ՛ք մեր կեանքին, հայ դպրոցը եկեղեցւոյ կողքին եղած է, որովհետեւ մեր եկեղեցին իր առաքելութեան անբաժան մասը նկատած է հայ դպրոցը», հաստատեց ան:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը փակեց աղօթք վերառաքելով առ բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային բարիքներով ու շնորհներով ծաղկեցնէ մեր ժողովուրդին կեանքը եւ Իր ներկայութեամբ առաջնորդէ մեր զաւակները դէպի այնպիսի կեանք, ուր կը ճառագայթեն երկնային արժէքներն ու ճշմարտութիւնները:

Հայրապետական պատգամէն ետք, ծնողները մօտեցան Ս. Խորան, ուր միաբան հայրերու կողմէ իրենց զաւակները ընծայեցին Աստուծոյ` մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ծնողքին օրինակով: Ապա, աւանդութեան համաձայն, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ մայրավանքի շրջափակ, ուր վեհափառ հայրապետը Ս. սեղանէն բերուած ճրագով վառեց Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը: Դպրեվանեցիներ հոգեւոր եւ ազգային երգեր երգեցին, իսկ հաւատացեալները Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմեր իրենց հետ տուն տարին` իբրեւ օրհնութիւն:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին