Հաճելի անակնկալով մը Ֆէյսպուքի հարթակէն նամակ մը ստացանք Տիկին Թեհմինէ Ադամեանէն:
ԶԱՐԹՕՆՔ անուան նմանութեան մը արդիւնքով ան կը կապուէր մեզի իր եւ իր զինուոր զաւակին երախտագիտութիւնը յայտնելու Թեհրանի Զարթօնք Պարախումբի ազնիւ անդամներուն, որոնք 44-օրեայ պատերազմի օրերուն նամակներ յղած էին Հայ զինուորին:

Սոյն նամակները ստացած է տիկին Թեհմինէի զաւակը՝ Արցախի մէջ իր զինուորական պարտքը կատարող՝ Արշամ Ղեւոնդեանը:
Նամակները կ՛ընդգրկեն Հայ զինուորին ուղղուած քաջալերական ազնիւ տողեր, բարեմաղթանքներ եւ Աստուածաշունչէն համարներ:

Տիկին Թեհմինէն մեզի կը գրէ. «Իմ որդին զինուոր է եղել պատերազմի օրերին եւ Զարթօնք պարախումբից սաներից ստացել է նամակներ: Ուզում էի շնորհակալութիւնս յայտնէի նրանց»:

Աստուծոյ շնորհքով իրեն վերադարձած զաւակին եւ իր անունով Տիկին Թեhմինէ կ՛ըսէ. «Մենք շատ շոյուած ենք, որ այդ դժուար օրերին նրանք մեր կողքին են եղել եւ իրենց բարեմաղթանքներով քաջալերել են մեզ»:
Ապրի՛ն Թեհրանի Զարթօնք պարախումբի պատասխանատուներն ու անդամները եւ Հայ զինուորին կողքին կանգնած իւրաքանչիւր հայորդին, Հայրենիքի, թէ Սփիւռքի մէջ:
Թող միշտ առողջ եւ մարտունակ մնայ Հայրենիքի պաշտպան Հայ զինուորը: