Լուսանկարիչ Ճորճ Սեմերճեանը 41 տարեկան հասակին զոհուեցաւ Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմին վայրագութիւնները նկարելու պահուն:

Ան մահացաւ 3 Փետրուար 1990ին, անոր նախորդող 31 Յունուարին կրակոցի մը անողորմ թիրախը դառնալով:
Լիբանանին Քաղաքացիական ամբողջ Պատերազմը վաւերագրած Ճորճ Սեմերճեան նշանաւոր լուսանկարիչին մահը, իր տիկնոջ՝ Լուսիա Թորոս Սաթճեան Սեմերճեանին եւ երկու փոքր դուստրերուն՝ Մարիա եւ Սեւանային հետ սգաց Լիբանանի լրագրական ասպարէզի ամբողջ ընտանիքը։
Լուսանկարիչի տաղանդը բնածին շնորհ էր իր մօտ, որ ան դրսեւորած է կանուխ հասակէն շուտով հասնելու միջազգային մակարդակի:
Գէորգ Սեմերճեան իսկական անունը վերածուած է Ճորճի իր արաբ տնօրէնին կողմէ աւելի հեշտ ընկալումի համար: Իր գործընկերներուն մէջ Սեմերճեան մեծ յարգանք վայելած է: Ան եղած է Լիբանանի Լուսանկարիչներու Սենտիքայի նախագահ:

Ճորճ Սեմերճեան Լիբանանեան Քաղաքացիական Պատերազը արխիւացուց հոյակապ կերպով: Իր առաքելութեան կատարման համար անհրաժեշտ էր վազել Լիբանանի ճամբաներուն վրայ ինկած դիակներու կողքով: Չնայած ամէն դժուարութեանց ան վաւերագրեց պատերազմը մինչեւ իր եղերական մահը երբ ինկաւ իր առաքելութիւնը կատարած պահուն:
Հայազգի լուսանկարիչը խիզախ զինուոր էր: Զէնքի փոխարէն տեսախցիկով եւ իր արուեստագէտի բնազդով անջնջելի վկայութիւններ պարգեւեց Լիբանանի պատմութեան համար։
Յարգանք իր յիշատակին: