Հինգշաբթի, 28. 03. 2024

spot_img

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի Վարչութիւնը այցելեց Լիբանանի Հայ Համայնքի Դարմանատուները, Ընկերային – Ծառայութեան Կեդրոնները

Բարեսիրական  ծառայութիւնը եղած է  Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց  Համախմբումի գլխաւոր առաքելութիւններէն, եկեղեցական եւ այլ ծառայութիւններու կողքին:

Մեկնելով   լիբանանահայ համայնքին դիմագրաւած   ընկերային-տնտեսական ծանր պայմաններէն եւ  կարեկից  հայորդիներու  օգնութեան  ձեռք մեկնելու  նախանձախնդրութենէն, 2022-ի  Յունուար ամսուան  ընթացքին,  Համախմբումի վարչութիւնը ատենապետուհի տիկին Անահիտ Տանձիկեանի գլխաւորութեամբ հերթաբար այցելեց  լիբանանահայ  համայնքի դարմանատուները, ընկերային-ծառայութեան կեդրոնները եւ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ անոնց պատասխանատուներուն հետ,  մօտէն  տեղեակ  պահուեցաւ   խնամքի կարօտեալ  տարեցներու, երեխաներու, ընտանիքներու իրավիճակէն:

Երեքշաբթի 04, Յունուար 2022

  • Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնադրման  Տնօրէնուհի Օրդ. Փոլին Սաղըրեանի հետ։
  • ՀԲԸՄ-ի Դարմանատուներու ներկայացուցիչ Օրդ. Արին Ղազարեանի հետ։
  • ՀԿԲՄ Դարմանատան Տնօրէնուհի Տոքթ. Սիլվա Քէօշկէրեանի հետ։

Չորեքշաբթի 05, Յունուար 2022

  • Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան պատասխանատուի ներկայացուցիչ, ընկերային ծառայող Տիկ.  Քրիստինէ Դանիէլեանին հետ։

Երեքշաբթի 18, Յունուար 2022

  • Պուրճ Համուտի Յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու եւ պատանիներու Զուարթնոց կեդրոնի տնօրէն  Տիկ. Վարդի Օհանեան Գէորգեանի հետ։
  • Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Նարեկ Տիրամօր ընկերային բժշկական կեդրոնի պատասխանատու՝ Տոքթ. Կոստան Եափուճեանի հետ։

Հինգշաբթի 20, Յունուար 2022

  • Պուրճ Համուտի Հայ Տարեցներու Տուն  ՔԱՀԼ  կեդրոնի տնօրէն Վերապատուելի Սեպուհ Թերզեան հետ։
  • Պուրճ Համուտի Լիբանանի Հայ Օգնութեան Խաչի Լ.Օ.Խ. «Արաքսի Պուլղուրճեան Ընկերաբժշկական Կեդրոն»֊ի Տնօրէն Տիկ. Նազելի Աւագեանի հետ։

Երեքշաբթի 25, Յունուար 2022

  • Ազունիէի հայ Ազգային Բուժարանի  տնօրէնութիւն՝ Պրն Վահէ Գանպուրեանի հետ բուժարանի Պուրճ Համուտի գրասենեակը։

Այս բոլոր այցելութիւններու ընթացքին, Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի  վարչութեան անդամուհիները  մեծապէս գնահատեցին եւ քաջալերեցին  ծանր պայմաններուն տակ   ընկերային-ծառայութեան  կեդրոններուն եւ դարմանատուներու պատասխանատուներուն աշխատանքը, բարձր գնահատելով   օժանդակութեան  ճանապարհով  դժնդակ պայմաններուն մէջ  հայ ժողովուրդի  տարբեր զանգուածներուն  օժանդակելու եւ  դժուար  պայմանները յաղթահարելու անոնց  կորովը:

Այս  առիթով,  Համախմբումի վարչական անդամուհիները  դարմանատուներուն եւ  ընկերային-ծառայութեան  կեդրոններուն  միջոցով,  սրտաբուխ կերպով,  առաջնային  օժանդակութիւն եւ  նիւթական   օժանդակութիւն  հայթայթեցին  խիստ կարիքաւոր  ընտանիքներուն:

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր   լիբանանահայ  ընկերային-ծառայութեան եւ դարմանատուներուն, հաստատութիւններու պատասխանատուներուն, իրենց սիրալիր ընդունելութեան,  համագործակցութեան համար։

ԱՆԱՀԻՏ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին