Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Ամերիկայի Գերակայութիւնը Կը Տկարանայ Աշխարհի Մէջ

Նամակ Ամերիկայէն – 20 –

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ամերիկայի Հանրային կարծիքը շփոթի մատնուած է ի տես միջազգային զարգացումներու նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու կեցուածքին:

Մէկ կողմէ Սպիտակ Տունը ամերիկացի հասարակութեան կը փորձէ Աֆղանիստանէն իր ուժերուն ամբողջական հեռացումը չքմեղել, միւս կողմէն կը միտի արդարացնել Ուքրանիոյ թիկունք կանգնելու իր յամառ վճռակամութիւնը:

Նորագոյն տուեալներու համաձայն, Ամերիկայի հանրային կարծիքը մեծ տարողութեամբ չի քաջալերեր իր զինեալ ուժերուն գործածութիւնը արտասահմանի մէջ: Այս տրամադրութիւնը յայտնապէս կ’անհանգստացնէ Ատլանտեան Ուխտը (ՆԱԹՕՆ): Առ այդ, մենատիրական երկիրներ. մասնաւորաբար Ռուսիոյ Դաշնակցութիւնն ու Չինաստանը, աւելի խրոխտ քայլեր կ’որդեգրեն՝ ազդեցութեան իրենց գօտիները ընդարձակելու եւ աստիճանաբար հանդէս կուգան միջազգային թատերաբեմին վրայ, որպէս դաշնակիցներ: Մոսկուան եւ Փեքինը վիթխարի քայլեր առած են վերջին հնգամեակին, ներդաշնակելու իրենց զինեալ ուժերը եւ զօրացնելու տնտեսական կապերը: Անցեալ շաբաթ, Իրանի ծովային ուժերուն հետ, ռուսական եւ չինական ուժերը, լայնածաւալ զինուորական փորձերու ձեռնարկեցին Հնդկաց Ովկիանոսին մէջ:

Միացեալ Նահանգներու ցարդ վայելած միահեծան գերակայութիւնը աշխարհի մէջ, այսօր սկսած է խնդրոյ առարկայ դառնալ եւ դէմ յանդիման կը գտնուի մեծ հարցականի մը առջեւ:

Սովետ Միութեան փլուզումէն երեք տասնամեակներ ետք, Ռուսիան կը փորձէ առաւել եւս Ուքրանիան անդամահատել, տկարացնել, 2015 թուականին, զինուորական նախայարձակումով: Հակազդելու առաջադրութեան Ռուսական բանակին զանգուածային ներկայութիւնը Ուքրանիոյ արեւելեան սահմանին մերձակայքը, Միացեալ Նահանգները վերջին օրերուն մեծաքանակ զէնք եւ զինամթերք կը հայթայթէ Քիեւին: Արդէն իսկ 290 միլիոն տոլարի արժողութեամբ, յարաբերաբար արդիական զինուորական կազմածներ հասած են Ուքրանիա: Ամերիկեան արժանահաւատ աղբիւրներ կը հաստատեն թէ աւելի քան երկու հարիւր ամերիկացի մասնագէտներ այսօր տեղադրուած են Ուքրանիոյ արեւելեան հողատարածքին վրայ, ուքրանական բանակին միաւորները մարզելու համար:

Անշուշտ Քրեմլինը ձեռնածալ չի մնար:

Չորեքշաբթի, Յունուար 26-ին, Ռուսական Տումային (Խորհրդարանին) առջեւ պաշտօնական ելոյթի մը ընթացքին, ռուսական դաշնակցութեան (ՌԴ) Վեթերան Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հրապարակաւ յայտարարեց թէ նախագահ Փութին հեռաձայնային խօսակցութիւններ ունեցած է Հարաւային Ամերիկայի երեք նախագահներուն հետ, Գուպա, Վենեզուելլա եւ Նիքարակուա, տնտեսական, զինուորական եւ զինուորական-թեքնիք կապերը ամրապնդելու նպատակաւ:

Մոսկուան ոտնձգութիւն կը համարէ Միացեալ Նահանգներու եւ Ատլանտեան Ուխտի զինուորական եւ տնտեսական օժանդակութիւնը Ուքրանիոյ եւ վճռակամութիւն յայտնած է հակազդելու: Այնպէս կը թուի թէ այն պարագային, եթէ Քիեւի տրամադրուած խոշոր այս օժանդակութիւնը շարունակուի, Մոսկուան զինուորական իր ներկայութիւնը պիտի ընդլայնէ Գուպայի մէջ, որ միայն 90  մղոն հեռու է Միացեալ Նահանգներու ցամաքամասէն: Աւելին, Ռ.Դ. իր օդուժը եւ հակաօդային սարքաւորումները կրնայ տեղադրել Ամերիկայի մօտիկ Վենեզուելլայի եւ Նիքարակուայի մէջ:

Որպէսզի Ատլանտեան ուխտը շարունակէ հակառուս իր դերը կատարել, Եւրոպայի ուժանիւթի ապահովութիւնը պէտք է երաշխաւորուի Ամերիկայի կողմէ: Այս գետնի վրայ, Ուաշինկթընը վերջին օրերուն տենդագին աշխատանքի լծուած է Միջին Արեւելեան, յատկապէս Արաբական Ծոցի երկիրներէն քարիւղ եւ բնական կազ հայթայթել Եւրոպայի: Ինչպէս ծանօթ է, Եւրոպայի ուժանիւթի հայթայթման կարեւոր մէկ մասը Ռուսիոյ կողմէ կը մատակարարուի: Յատկապէս Գերմանիան մեծապէս խոցելի է այս բնագաւառէն ներս:

Այս օրերուն խիստ ձգտուած լարուածութիւնը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ Ռուսիոյ խոր մտահոգութիւն պատճառող ՆԱԹՕ-ի ընդարձակումն է: Քրեմլինի պաշտօնական խօսնակը, Տիմիթրի Փեսքով այս երեւոյթը «Մահ ու Կենաց» բառերով սահմանեց:

Այն պարագային երբ Ուքրանիան ներգրաւուի ՆԱԹՕ-ի շարքերէն ներս, Ատլանտեան Ուխտը սահմանակից պիտի ըլլայ Ռուսաստանին: Ոչ միայն անընդունելի է այս Մոսկուայի ղեկավարներուն համար, այլ սա, Նախագահ Փութինի Կարմիր Գիծն է:

Ամերիկեան զինուորական ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ տպաւորիչ է: Քաթար կը հիւրընկալէ Միացեալ Նահանգներու խոշորագոյն ռազմախարիսխը: Իրաք, Քուէյթ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնը իրենց կարգին ընդունած են ամերիկեան զինեալ ուժերու տեղադրումը: Այսպէս կոչուած «Արաբական  Գարուն»-ի չարագուշակ պատուհասէն ծնունդ առած Սուրիական ողբերգական քաղաքացիական պատերազմի տխուր պայմաններէն օգտուելով, շուրջ երկու հազար ամերիկացի զինուորներ, օժանդակութեամբը օդուժին , կը գործեն Սուրիոյ հիւսիսակողմը՝ քիւրտ մարտիկներու կողքին: Ռուսական ներկայութիւնը շրջանին մէջ, համեմատաբար, շատ աւելի համեստ է եւ սահմանափակ: Սուրիոյ մէջ միայն կան օդուժի եւ ծովային ուժերու պատկանող երկու ռազմախարիսխներ: Լիպիոյ մէջ ռուսական յառաջխաղացքը բաւական յաջող ընթացքի մէջ էր, մինչեւ որ Թուրքիան զինուորական կտրուկ միջամտութեամբ առաջարկեց ոչ-պաշտօնական ռուս մարտիկներու ներկայութիւնը  մայրաքաղաք Թրիփոլիի արուարձաններուն մէջ: Այնուհետեւ, աւելի քան երկու հազար ռուս ռազմիկներ, ըստ արեւմտեան աղբիւրներու, որոնք կը պատկանին Ուակնըր կազմակերպութեան, տեղադրուած են ընդհանրապէս երկրին հարաւակողմը:

Բոլոր այս իրադրութիւնները պատահականութեան արդիւնք չեն: Վերջին տարիներու իրադարձութիւններուն գումարն են եւ կը պարտադրեն Ամերիկայի գերակայութեան իր դերը չզիջիլ, որեւէ երկրի մէջ:

Ուքրանիոյ տագնապին շուրջ տիրող կացութիւնը ենթադրել կուտայ թէ Ամերիկայի ոսոխները պատեհութիւն մը կը նշմարեն իր վարկը վիրաւորելու:

CNN-ի քաղաքական մեկնաբան Սթեֆըն Քոլլինզ այսպէս կը բնութագրէ միջազգային ներկայ իրադրութիւնը. «Ամերիկայի դէմ յայտնուող մարտահրաւէրները այն տպաւորութիւնը ստեղծած են արտասահմանի մէջ թէ Ամերիկան այն ուժը չէ, ինչ որ է 20-րդ դարու երկրորդ կիսուն»: Ան կ’աւելցնէ. «Հակառակ Նախագահ Պայտընի հաւաստիացումներուն, թէ «Ամերիկան վերադարձած է», ամերիկեան ուժերուն քաոսային հատուցումը Աֆղանիստանէն, Ուաշինկթընի խոստումներն ու կարողութիւնը հարցականի տակ կը դնեն: Ամերիկայի հակառակորդները քաջ կը գիտակցին, թէ 20 ամեայ յոգնեցուցիչ եւ սպառիչ պատերազմը ամերիկացի ժողովուրդը անմարսելի կը գտնէ եւ կ’եզրակացնեն, թէ Ուաշինկթընը կրնայ լքել ռազմավարական իր պարտաւորութիւնները՝  հաջս քաղաքական ներքին նկատումներուն»:

Ամերիկացի քաղաքական վերլուծողներ կը գտնեն թէ այս հարցերու ետին, քիչ թէ շատ, նախագահ Փութինը առկայ է. Ուքրանիա, Սուրիա, Լիպիա եւ Ասիա: Ֆիոնա Հիլ, նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատար մը Պետական Պաշտօնատան մէջ. (State Department) յայտնի էր հակառուս հակումներով, կը պնդէ թէ ռուս նախագահին սրբազան առաքելութիւնն է Միացեալ Նահանգներ արտաքսէ Եւրոպայէն: Դարձեալ Տիկին Հիլի վկայութեամբ Փութին կը նկատէ ամերիկեան ուժին տեղեկատւութիւն «Ան (նախագահ Փութին) կը գնահատէ թէ Ամերիկան կը գտնուի այն վիճակին մէջ, ինչպէս էր Ռուսիան Սովետ Միութեան փլուզումէն ետք. Մահացուօրէն վիրաւոր՝ ներքին ճակատի վրայ եւ նահանջող՝ արտասահմանի մէջ իբրեւ դարման ան կը յանձնարարէ անդրդուելի մնալ Ուքրանիոյ կողքին, զգուշացնելով, որ Ուքրանիոյ հարցով որեւէ մեղմացում իր ցաւալի անդրադարձը պիտի ունենայ այլուր:

Պատերազմի շեփորները կը հնչեն, սակայն դիւանագիտութիւնը ողջ է տակաւին, թէեւ կը կաղայ, բայց կրնայ կանխել որեւէ արհաւիրք:

Նիւ Եորք

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին