Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Պիտի Չհանդուրժենք Հերձուած Մը Քաջալերելու Երեւոյթը

Լիբանանահայութեան համար եւ ոչ միայն, դժբախտաբար գաղտնիք մը չէ, ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակէն ներս ժամանակէ մը ի վեր գոյութիւն ունեցող հերձուածի երեւոյթը:

Օգտուելով շրջանէ մի ի վեր նշեալ հերձուածը անտեսելու մեր քաղաքականութենէն, անոր ինքնահռչակ «ատենապետը» անցնելով ամէն չափ եւ սահման, փորձած է Շաբաթ 29 Յունուար 2022-ին «անդամական ժողով» մը կազմակերպել օգտուելով կարգ մը անդամներու բարեմտութենէն եւ ուրիշներու նիւթական դժուար պայմաններէն:

Մենք անշուշտ պիտի շարունակէինք կիրառել անտեսումի մեր քաղաքականութիւնը, եթէ Շաբաթ օրուայ պառակտիչ հանդիպման հանդիսավայրը չըլլար Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին ներքոյ գործող սրահ մը: Երեւոյթ մը, որ զարմացուց մեզի: Հակառակ ժամանակէն առաջ պատասխանատու անձանց ըրած մեր յուշումներուն, սրահը դժբախտաբար շարունակուեցաւ տրամադրուած մնալ նշեալ ժողով-կատակերգութեան:

Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ, մենք ստիպուած ենք այսօր շրջանցել լիբանանահայ համայնքին համերաշխութեան սիրոյն մինչեւ հիմա մեր որդեգրած փափկանկատութիւնը: Այլեւս անհանդուրժելի սոյն երեւոյթին ի տես, յետայսու ակամայ կը հրաժարինք մեր կուսակցութեան պատիւին հաշուոյն մեր որդեգրած ինքնազուսպ գործելաձեւէն , եւ ստիպուած կը բարձրաձայնենք հետեւեալները.

Ա. Ազգային Առաջնորդարանն ու զինք հովանաւորող կուսակցութիւնը պատասխանատու են սոյն պառակտիչ երեւոյթին այս ընթացքը ստանալուն: Այս կերպով, անոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով միջամուխ են մեր ներքին հարցերուն եւ բացայայտ քաջալերողները նշեալ հերձուածին:

Բ. Յետայսու պիտի չհանդուրժենք նման միջամտութիւն, որ կողմէն ալ եկած ըլլայ ան:

Գ. Առ ի յիշեցում հասկցողին եւ չհասկցող ձեւացողին, անգամի մը համար եւս կը շեշտենք, որ մեր կուսակցութեան դաւանական սկզբունքը նշանակովի ատենապետներու եւ վարչութիւններու դրութիւնը չի ճանչնար:

Դ. Ամէն պարագայի, նշանակումի կամ այլ տնօրինումներու  նամակներ ու թուղթի կտորներ, ստորագրուած՝ անգոյ եւ կուսակցական ոեւէ կառոյցի վրայ իշխանութիւն չունեցող մարմնի մը կողմէ, պարզապէս կը համարուին առ ոչինչ:

Ե. Համայնքի մը մէջ օրինական կողմ ըլլալու չափանիշը ոչինչ արժող թուղթի կտոր մը չէ, այլ՝ նոյն համայնքին մէջ տուեալ կազմակերպութեան նիւթական եւ բարոյական կառոյցներուն ու մամուլին տիրութիւնն ու տնօրինումն է:  

Յոյսով ենք, որ սոյն յայտարարութիւնը կը գտնէ իր հասցէատէրերը եւ սոյն հարցը այսպիսով կը նկատուի փակուած:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին