Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Երաժշտական Հպում՝ Անմահ Բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի «Տրտունջք»ի

Մշակութային Արձագանգ

          Արեւմտահայ գրականութեան ամենակարեւոր բանաստեղծներէ Պետրոս Դուրեանի «Տրտունջք» քերթուածը նորովի հանդէս եկաւ՝ երգչուհի Մարալ Այվազի ձայնով: Երգը յօրինեց և մշակեց յայտնի երաժիշտ՝ Նորայր Տեմիրճեան:

          1851 ծնունդ Սկիւտարցի Պետրոս Դուրեան, չքաւորութիւններով պատուած կեանքին տեւողութեան բազմազան տխրութիւններ ապրած, երիտասարդ տարիքին վարակուած թոքախտի հետեւանքին վախճանած էր: Իր կարճատեւ կեանքի ընթացքին յօրինած է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ, թատերագրութիւններ, վարած է դերասանական պաշտօններ, եղած է նաև լրագրի և հանդէսի խմբագիր:

          Ամերիկաբնակ երաժիշտ Նորայր Տեմիրճեան, որ երկար տարիներ ստեղծագործութիւններով նպաստած է Թուրք Փոփ երաժշտութեան, ան Դուրեանի այս քերթուածէ հատուածներ առնելով մեղեդիներու կը միացնէ զանոնք: Յետոյ կապ կը հաստատէ Մարալի հետ, որպէսզի ձայն տայ երգին:

          Երգի առթիւ նկարահանուած տեսահոլովակին մէջ երգչուհին ճամբորդելով դէպի անցեալ, ականատես կը դառնայ բանաստեղծի ներաշխարհական ապրումներուն, կեանքի պայքարին, արարիչի դէմ յանդիմանութեան ու կը կիսուի անոր վիշտերը:

          Տեսահոլովակի բեմադրութեան աջակցութիւն բերաւ՝ դերասան Եղիա Աքկիւն, նկարահանումները կատարեց՝ Սելման Պօզքըր, ընդհանուր կազմաւորութիւնը իրագործեց՝ Մարալ Այվազ: Իսկ բանաստեղծի դերը ստանձնեց՝ Անդրանիկ Պաքըրճըօղլու:

          Նշելով թէ, երգչուհիին համար երգը յատուկ իմաստ կ’ունենայ, քանի որ այս տարի Պետրոս Դուրեանի ծննդեան 170ամեակն է:

          Մարալ Այվազի «Տրտունջք» երգը տեղադրուած է բոլոր թուային երաժշտական հարթակներուն, իսկ տեսահոլովակը, որ Թրքերէն և Անգլիերէն տողատակի տարբերակներով պատրաստուած է, հասանելի է երգչուհիին պաշտօնական եութիւպեան ալիքէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին