Լիբանանի Մէջ ՀՀ Դեսպանը Այցելեց Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան
Երեքշաբթի, 4 Յունուար 2022-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան` ընկերակցութեամբ երկրորդ քարտուղար Դաւիթ Ալավերտեանին առաջին անգամ ըլլալով այցելեց Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Դալար Աթէշեանին, առաքինազարդ քոյրերուն, տնօրէն խորհուրդի անդամներուն, ծնողական խորհուրդի ատենապետին եւ վարժարանիս հոգեհարազատ բարեկամներուն հետ:

Դեսպանի այցելութեան նպատակն էր աւելի մօտէն ծանօթանալ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի առաքելութեան, ինչպէս նաեւ վարչական, կրթական եւ դաստիարակչական աշխատանքներուն:
Դեսպանը բարձր գնահատեց տարուած բծախնդիր եւ անձնուէր աշխատանքը, նաեւ երկրի դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական եւ առողջապահական ծանր պայմաններուն պատճառով կրած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան վարժարանի կրթական եւ մշակութային ծրագիրներուն աջակցելու հնարաւորութիւնները։
