Երեքշաբթի, 16. 04. 2024

spot_img

Լիբանանահայ Կեանք

Կաղանդ Պապան Այցելեց ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Զահլէի Ակումբը

Հովանաւորութեամբ, Զահլէի մասնաճիւղի ՀԲԸՄ-ի վարչութեան, ՀԲԸՄ Զահլէ-ի Տիկնանցը եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Զահլէի Տեղական Վարչութիւնները միասնաբար, Կիրակի 26 Դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, մտերմիկ եւ ընտանեկան Կաղանդի Տօնակատարութիւն մը կազմակերպեցին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Զահլէի Ալեք Մանուկեան ակումբին մէջ:

Տօնակատարութեան ներկայ գտնուեցան Ճարտարարուեստի Նախարար՝ Տիար Ճորճ Պուճիքեան, Պեքաայի շրջանի տեսուչ՝ Գերաշնորհ Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան, Տէր Գրիգոր քահանայ Եղիայեան, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի անդամներ, Զահլէի ՀԲԸՄ մասնաճիւղի Ատենապետ՝ Տիար Շանթ Չինչինեան, ազգային հայ քաղաքական կուսակցութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչներ, միւթենականներ եւ բարեկամներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ, Զահլէի ՀԵԸ-ի Տեղական վարչութեան Ատենապետ՝ Ժորժ Տէյրմէնճեան: Ան բարիգալուստ մաղթեց ներկաներուն, ըսելով. «Հակառակ տնտեսական եւ քաղաքական այս դժուարին պայմաններուն, մենք կը գտնուինք այս յարկին տակ զուարճացնելու մեր գաղութի փոքրիկնները եւ պայծառացնելու ակումբիս բարեկամները: Ձեր նեկայութիւնը մեր ակումբին ճրագն է եւ մեր յարատեւման ազդակը»:

Շուրջ երկու հարիւր միութենականներ իրենց փոքրիկներով անհամբեր կը սպասէին Կաղանդ Պապուկին գալուստը: ՀԲԸՄ-ի Ծնողաց վարչութիւնը պատրաստած էր նուէրներ իւրաքանչիւր փոքրիկի, կազմակերպած էին խաղեր, վիճակահանութիւն եւ համեստ հիւրասիրութիւն: Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ “Parade” խումբը, որ առաւել եւս ճոխացուց մթնոլորտը: Ներկաները մեկնեցան գոհունակութեամբ:

Հանդիսութեան աւարտին, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի վարչական անդամները հանդիպում-զրոյց մը ունեցան Նախարար Ճորճ Պուճիքեանի հետ քննարկելով ներկայիս լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական անկայուն վիճակը: Պրն. Նախարարը պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակելու Զահլէի ակումբին:

Վարձքը կատար բոլորին:

Ա. Կէպէնլեան
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին