Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններու Մէկ Միլիոն Տոլարի Ամավերջի Նուէրը Հ.Բ.Ը.Մ.ին

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Ատենապետ Տէր եւ Տիկին Վաչէ եւ Թամար Մանուկեանները, Միութեան առաքելութեան սատարող իրենց բարերարութիւններու  ծիրէն ներս,   յայտարարած են թէ տարեվերջին մէկ միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն մը կը կատարեն, Հ.Բ.Ը.Մ.ի ծրագիրներուն ի նպաստ:

Գնահատելով Միութեան բարերարներուն այս ազնիւ նախաձեռնութիւնը,  Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեան կը նշէ՝ «Ակնյայտ է, թէ որպէս իրենց հայ պատկանելութեամբ հպարտ բարեսէր եւ մարդասէր անձիք, Մանուկեաններու առատաձեռնութիւնը ոչ միայն անկեղծօրէն սրտաբուխ է, այլեւ ունի մարտավարական յստակ ուղղուածութիւն:  Իրենց մատը ժամանակի բազկերակին վրայ պահած, անոնք կարող են արժեւորել պահի հրամայականը եւ ընդառաջելով անոր, ապահովել ապագան: Մենք  խորապէս երախտագէտ ենք Մանուկեաններուն եւ մեր բոլոր նուիրատուներուն, որոնց աջակցութեամբ է որ Հ.Բ.Ը.Մ.ը կը յաջողի շարունակել իր առաքելութիւնը»:

Լիբանան ծնած միջազգային գործարար Վաչէ Մանուկեան, բարսիրութեան խոր եւ անաղարտ հակումը ժառանգած է իր ծնողներէն, հաստատելով համաշխարհային բարեսիրական լաւագոյն աւանդոյթներ: Անոնք, տէր եւ տիկին, շարունակաբար սատարած են Հայ Եկեղեցւոյ յառաջդիմութեան եւ հայութեան ընդհանրական շահերուն: Իրենց բարերարական ոգին դրսեւորուած է բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով, որոնք կը նպաստեն ոչ միայն հայերու, այլեւ կը տարածուին միջազգային համայնքին վրայ, մարդասիրական, կրթական, մշակութային եւ հոգեւոր յատկանշական ծրագիրներով:

Դեկտեմբեր 2021
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին