Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Գոհար Գասպարեան

Գոհար Գասպարեան (օրիորդական ազգանունը՝ Խաչատրեան, 14 Դեկտեմբեր 1924, Գահիրէ, Եգիպտոս – 16 Մայիս 2007, Երեւան, Հայաստան), հայ օփերայի արուեստի մեծագոյն վարպետ, ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագէտ։

Ծնած է 1924 Դեկտեմբեր 14-ին, Գահիրէ։ Անոր անուանած նաեւ՝ «Հայկական սոխակ»։ Գոհար Գասպարեան ունէր ձայնային լայն տիապազոն, անբասիր արուեստի հմտութիւն. անոր ձայնը կ’առանձնանար ճկունութեամբ, երանգներու ճոխութեամբ, անցումներու թեթեւութեամբ։ Պելկանտօ ոճի խոշորագոյն վարպետներէն է։

Ուսանած է տեղի երաժշտական ակադեմիան, 1940 թուականէն ելոյթներ ունեցած է Գահիրէի մէջ։ 1948 թուականին հայրենադարձուած է։ 1949 թուականէն արդէն Հայաստանի օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի մեներգչուհի էր, հանդէս եկած է 23 օփերաներու գլխաւոր դերերով, անոր երգացանկին մէջ տեղ գտած են աւելի քան 500 ստեղծագործութիւններ։

Գոհար Գասպարեանի համերգային երգացանկը հարուստ եղած է նաեւ (Պախ, Հենտել, Մոզարտ, Շտրաուս, Գրիգ, Գլիեր, Ռախմանինով, Չայկովսկի եւ ուրիշներ, իտալացի վարպետներ, հայ հոգեւոր երաժշտութիւն, Կոմիտաս եւ այլն)։

Գոհար Գասպարեան 1956-էն ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագիտուհի էր։ 1964-էն դասաւանդած է Երեւանի երաժշտանոցէն ներս, 1973-էն՝ Երեւանի երաժշտանոցի փրոֆեսոր է։ Անոր բազմաթիւ աշակերտները դարձած են համաշխարհային լաւագոյն բեմերու մեներգիչներ։ 1984 թուականին ընտրուած է Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի։ Անոր աշակերտը եղած է նաեւ ապագայ ամուսինը՝ օփերայի երգիչ, բեմադրող, դերասան Տիգրան Լեւոնեան։

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին