Հինգշաբթի, 28. 03. 2024

spot_img

Էրտողան Եւ Թրքական Լիրան

Համբարձում Աղպաշեան

Ներկայիս թրքական լիրայի արժէքի փոփոխութեան հետեւողը յստակ եւ անկասկած կը տեսնէ, որ անոր արժէքը կտրուկ անկումի մէջ է տոլարի նկատմամբ Թուրքիոյ եւ համաշխարհային սակարանին մէջ։

Բոլոր լրատուական աղբիւրները, նոյնիսկ Թուրքիոյ վարչակարգին բարեացակամ, կը հաստատեն թրքական լիրայի արժէքի անկումը ԱՄՆ-ի տոլարի նկատմամբ ամենացած մակարդակը, որովհետեւ անոր փոխարժէքը մէկ տոլարի դէմ 12 լիրա գերազանցած է 2021-ի Նոյեմբեր 24-ին։ Իսկ մէկ շաբաթ ետք երբ Թուրքիոյ  նոր ելեւմտական նախարարը նշանակուեցաւ լիրային արժէքը հասաւ 14 լիրայի տոլարի դէմ։

Թրքական լիրայի արժէքի շարունակական անկումը երբեք զարմանալի չէ եղած տեղական  եւ համաշխարհային դրամատուներու եւ սակարաններու համար, որովհետեւ 2005 թիւին լիրայի զէրոները ջնջելէն ետք այդպէս  եղած է անոր վիճակը, սակայն նորութիւնը  այն է, որ ան  մեծ կորուստ արձանագրած է ԱՄՆ տոլարի նկատմամբ երբ արժէքը վերջինին համեմատ հասած է 14 լիրայի, մինչդեռ Թուրքիոյ նախագահ Ռեջեփ Թայիփ Էրտողանը կը շարունակէ իր  դրամական քաղաքականութեան հաւատարիմ մնալ դրամատուներու տոկոսները կրճատելով եւ նուազեցնելով առանց իր գործընկերներու  խորհուրդները ու առաջարկները ընդունելու։

Յունուար 1, 2005-ին թրքական լիրայի արժէքէն վեց զէրօ չեղեալ յայտարարուեցաւ։ 2004-ին վերջերը լիրայի փոխարժէքը հասած էր 1,350,000 լիրայի մէկ տոլարի դէմ. Թրքական թղթադրամը տպուեցաւ Թուրքիոյ մէջ եւ  շուկայ ելաւ 6 արժէքներով։ 1, 5, 10, 20, 50 եւ 100 լիրայով. զէրոներու ջնջումի պատճառը այն էր որ 30 տարիէ ի վեր Թրքական լիրան շարունակ արժէքազրկուած եղած է, եւ շուկայի մէջ մէկ միլիոն լիրան որեւէ արժէք չունէր, իսկ 20,000,000 լիրայի (20 միլիոն լիրա) դրամանիշը աշխարհի մէջ ամենամեծն էր եւ կ՚օգտագործուէր միայն Թուրքիոյ մէջ: 2005-ին զէրոներ ջնջելու  քաղաքականութիւնը հաստատելէն ետք տոլարի արժէքը  մէկուկէս լիրայէն   պակաս էր (1.350 լիրա):

Այդ ճգնաժամէն յետոյ լիրան շարունակեց կորսնցնել իր արժէքը, սակայն ընդունելի եղանակով միշտ ազդուելով Թուրքիոյ կառավարութեան եւ Էրտողանի քաղաքականութեան որոշումներով, որոնք պատճառ եղան այս տարուայ (2021 թ.) սկիզբէն տոլարի փոխարժէքը զգալիօրէն բարձրանալու լիրայի դէմ: Լիրայի արժէքի այս անկումի հիմնական պատճառներէն մէկը Թուրքիոյ նախագահի պնդումն է դրամատուներու տոկոսները կրճատելը: Կառավարութեան ներքին ընդդիմադիրները, որոնք Էրտողանի որոշումներուն դէմ էին,  անոնցմէ ազատուելու եւ իր որոշումը պարտադրելու համար Էրտողանը վերջին երկու տարիներու ընթացքին հեռացուց Կենտրոնական Դրամատան երեք կառավարիչներ եւ քաղաքական յանձնաժողովի բոլոր  անդամները, որոնք դէմ էին իր որոշումներուն, ինչպէս նաեւ Կենտրոնական Դրամատան դրամավարկային քաղաքականութեան կոմիտէի անդամներուն, որոնք նմանապէս դէմ էին անոր քաղաքականութեան, այդպէսով լիրան  տոլարի նկատմամբ աւելի ցածր մակարդակի հասաւ, որովհետեւ ըստ տնտեսագէտներուն, պէտք է տոկոսները բարձրանան, երբ դրամի մը արժէքը կ՛իյնայ, որ դրամը շուկաներէն քաշուի դէպի դրամատուները, սակայն Թուրքիոյ նախագահի քաղաքականութիւնն է նուազեցնել տոկոսները խթանելու արտադրութեան եւ առեւտուրի ոլորտը դրամատուներէն աւելի ցած տոկոսներով վարկ ստանալով:

Թրքական լիրան զգայուն է արտաքին ճգնաժամերու նկատմամբ, յատկապէս ԱՄՆ-ի հետ ճգնաժամերու նկատմամբ, և որեւէ լարուածութիւն Թուրքիոյ ու ԱՄՆ-ի միջեւ անպայման բացասական ազդեցութիւն կ՚ունենայ թրքական լիրայի վրայ։ Մենք կը յիշենք Թուրքիոյ մէջ բանտարկութեան դատապարտուած ամերիկացի քարոզիչ Անտրօ Պրօնսընի խնդիրը, և թէ ինչպէս Թուրքիոյ համար շատ ծանր  եղան անոր կալանքի հետեւանքները։ Ամերիկան ​​ քանի մը տնտեսական որոշումներ հաստատեց Թուրքիոյ դէմ, որոնք մէկ երկու օրուայ ընթացքին լիրային մեծ վնաս հասցուցին եւ ան զգալի տոկոսով իր արժէքը կորսնցուց. Էրտողան ստիպուած ազատ արձակեց Անտրօ Պրօնսընը. լիրան վերականգնեցաւ այդ դէպքէն  ետք՝ եւ ետ վերադարձաւ այն մակարդակին, ուր որ  էր։  Հոս արժանի է յիշել որ Քաթարի կառավարիչ Շէյխ Թամիմ Պըն Համէտ  այդ ճգնաժամին  օգնութեան հասաւ հինգ միլիար տոլարի ներդրումով իր դաշնակից Էրտողանին, որուն հետ միասին պայքարի մէջ էին Սէուտական Արաբիոյ ու Արաբական Էմիրութիւնններ զոյգի դէմ։

Թրքական լիրան 2000 թիւէն ի վեր կը հետևի ազատ փոխանակման համակարգին, որ կը նշանակէ ան ենթակայ է շուկայի առաջարկին և պահանջին, սակայն Թուրքիոյ նախագահը մտահոգուած է ինչ որ ինք համոզուած է որ դուրսէն Թուրքիոյ դէմ դաւադրութիւններ կը կատարուին: Էրտողանը կը կարծէ որ 2016 թուականի յեղաշրջումի ձախողումէն յետոյ Արևմուտքը կը փորձէ Թուրքիան տկարացնել այլ միջոցներով, մոռնալով որ յեղաշրջումի իրականացնողը իր գործընկեր իսլամ մտաւորական և քարոզիչ թուրք Ֆեթուլլահ Կիւլէնն էր։ Ամենայն դէպս ԱՄՆ-ն եւ արեւմտեան երկիրներուն  ձեռնտու չէ տկարացնել թրքական տնտեսութիւնը, ուր անոնք հարիւր միլիարդներով ներդրումներ ունին։

Պէտք է նկատի ունենանք, որ վերջին ճգնաժամի օրերուն Թուրքիան կրկին մեծ աջակցութիւն ստացաւ, բայց այս անգամ նախկին թշնամի՝ Ապու Տապիէն, որ այժմ կը մօտենայ իրեն որովհետեւ Էրտողանը սկսած է  նեղի դնել Թուրքիոյ մէջ բնակող «Իխուաններուն – Մուսուլման եղբայրներու կուսակցութեան» անդամներուն  Եգիպտոսի հետ իր յարաբերութիւնները բարելաւելու համար. Ապու Տապին յայտարարեց թէ 10 միլիարդ տոլարի ներդրում պիտի կատարէ Թուրքիոյ մէջ. բան մը որ  ամրապնդեց լիրայի դիրքերը և կարելի է օգնէ  անոր թէկուզ որոշ ժամանակով։

Թուրքիոյ տնտեսութեան ամենակարեւոր խոչընդոտներն են կարճաժամկէտ արտաքին պարտքերը որոնք առևտրային հաշուեկշիռին մէջ բաց կը պատճառեն.   անոնց ամենամեծը նաւթի ներածութեան  ծախսերն են, թէեւ Թուրքիան բաժին կը ստանայ Իրաքեան նաւթէն որ կ՚արտածուի իր տարածքով, եւ սև շուկայէն ձեռք կը բերէ Սիրիական հանքավայրերէն արտադրուող նաւթը ՏԱԷՇ-ի կամ ուրիշ միջոցներով։

Նաւթը Թուրքիոյ տնտեսութեան միակ տկար մասը չէ: Էրտողանի արկածները և Օսմանեան կայսրութեան վերակենդանացնելու մեծ երազները դրդեցին անոր ռազմական արկածախնդրութեան ձեռնարկել՝ սկսած Սուրիոյ ներխուժումէն, այնուհետև Հիւսիսային Իրաքի վրայ յարձակումները՝ Քիւրտական Բանուորական կուսակցութեան զինեալները հալածելու պատրուակով եւ թրքական զինուժի մշտական ​​ներկայութիւնը Իրաքի մէջ Մուսուլ քաղաքի  մօտ գտնուող Բայշիքա գիւղաքաղաքի մէջ, նմանապէս սուրիացիներուն Լիպիա ուղարկելը, ալ չխօսինք 1974 թ. հիւսիսային Կիպրոսի մէջ հաստատուած թրքական (բարեկամական) 30 հազար զինուորներու մասին։

2016 թիւէն ի վեր Քաթարի մէջ  թրքական ռազմական ճամբար գոյութիւն ունի,  եւ Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ ու Արաբական Էմիրութիւններու միջեւ  ծագած  ճգնաժամէն ետք Թուրքիոյ հետ  Քաթարի յարաբերութիւնները ամրապնդուեցան և վերածուեցան դաշինքի: 2017 թիւէն Սոմալիոյ և Ջիբութիի մէջ թրքական ուժեր կան այդ երկիրներու զինեալ ուժերը վերապատրաստելու պատրուակով, և Ատրպէյճանի մէջ ուր Թուրքիոյ եղբայրական ուժերը կը գտնուին բոլոր տարածութիւններուն մէջ. ի վերջոյ Սուտանի Սուակըն կղզիի վրայ ռազմածովային ճամբար ստեղծելու գործընթացը, որ ձախողեցաւ այնտեղ ռազմական յեղաշրջումէն  յետոյ։

Թուրքիան փոքր երկիր մը չէ, և անոր տնտեսութիւնը մեծապէս կախուած է գիւղատնտեսական արտադրանքներէ, փոքր և միջին արդիւնաբերութիւններէն, ինչպէս նաև ծառայութիւններու ոլորտներէն, ինչպիսի են զբօսաշրջիկութիւնը, օդանաւային փոխադրութիւնները, շինարարութիւնը և անշարժ գոյքերու ներդրումը ,  որոնք տարեկան աւելի քան 20 միլիարդ տոլար կապահովէին մինչև (պսակաձեւ ժահրի) գորոնաւայրուսի ճգնաժամը: Թուրքիան աշխարհի 20 խոշոր արդիւնաբերական երկրներու շարքին էր, սակայն անոր վարկանիշը նախ իջաւ  17-րդ, ապա 19-րդ, իսկ այժմ 21-րդն է, այսինքն՝ ցուցակէն դուրս է։

Լիրայի արժեզրկումը բացասական ազդեցութիւն կ՚ունենայ որոշ նեrդրողներու  վրայ, որոնք են անշարժ գոյքերու խոշոր ներդրումները, ուր այդ շէնքերու եւ յարկաբաժիններու  արժէքները կը նուազին. Միւս վնաս կրողներն են  ընդհանրապէս սակարաններու լիրայի առուծախով զբաղողները  և ուրիշներ։ Լիրայի արժեզրկումը մեծ ազդեցութիւն ունի նաեւ դուրսէն ներդրող ընկերութիւններու վրայ, որովհետեւ ապրանքները և ծառայութիւնները ներմուծելու համար տոլար կամ եուրօ կը վճարեն, և այն ընկերութիւնները, որոնք դրամատուներէն պարտք ստացած են բարձր տոկոսներով: Սակայն Թուրքիոյ քաղաքացին բոլոր դէպքերուն ամենամեծ վնաս կրողն է մասնաւորապէս  աղքատ եւ միջին խաւը, որովհետեւ գիները  շարունակ սղաճի ենթակայ են. Այս բոլորին  դիմաց կառավարութիւնը վեց ամիսը մէկ կը ճշգրտէ աշխատողներու աշխատավարձերը, բայց սովորական քաղաքացին կը մնայ այդ ճշգրտումներէն դուրս։

Միւս կողմէ, թրքական լիրայի անկումը ձեռնտու է գիւղատնտեսական արտադրանքներ արտածողներուն համար նմանապէս տեղական ներքին արդիւնաբերութեան համար, որ կախուած չէ արտերկրէն եկած հումքէն։

Զբօսաշրջիկութիւնը Թուրքիոյ տնտեսութեան էական մասն է։ Մինչ գորոնայրուսի ճգնաժամը այն Թուրքիոյ տարեկան միլիարդներով տոլարներ կ՚ապահովէր, և կառավարութիւնը կ՚օգտուէր այդ ներմուծումէն՝ նուազեցնելով առևտուրի հաշուեկշիռի բացը։ Ներկայիս տնտեսագէտները Թուրքիոյ արտաքին պարտքը կը գնահատեն 450 միլիարդ տոլար, մինչդեռ ներքին արտադրութիւնը, նոյն աղբիւրներու համաձայն, այդ գումարի կէսն է։ Տարօրինակ է որ Էրտողանը ԱՄՆ-ը եւ Արևմտեան երկիրները  իր թշնամիները կը նկատէ երբ նոյն ժամանակ անոնց հետ ռազմական դաշինքի մէջ է և ՆԱԹՕ-ի անդամ. Թուրքիոյ ներդրումներու մեծ մասը այդ երկիրներէն կու գայ, յատկապէս Գերմանիայէն։ Միևնոյն ժամանակ, երբ ան կատէ Ամերիկան ​​և Արևմուտքը, ան կը ձգտի մնալ ՆԱԹՕ-ի կազմի մէջ՝ միաժամանակ Ռուսաստանէն պաշտպանական զէնք գնելով և ԱՄՆ-ը եւ Արևմուտքի հետ ճգնաժամեր ստեղծելով։

Թուրքիոյ հասարակական կարծիքի համաձայն՝ ներկայիս Էրտողանին  սատարողներու տոկոսը միայն 30% է, բան մը որ  քաջալերեց  Հանրապետական ​​կուսակցութեան (Քեմալ Աթաթուրքի հիմնադրած աշխարհիկ կուսակցութեան) և Թուրքիոյ խորհրդարանի ընդդիմութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլջտար Օղլուին, պահանջել արտահերթ ընտրութիւններ կայանան եւ 2023 թ. նախատեսուած ժամկէտին չսպասեն, որովհետեւ Էրտողանի յաղթելու հնարաւորութիւնը ներկայիս ցած է։ Քըլջտարը և անոր աշխարհիկ կուսակցութիւնը յաղթեցին քաղաքային ընտրութիւնները Պոլսոյ և Անգարայի մէջ, մինչ Էրտողանի կողմէ աջակցուող թեկնածուները պարտուեցան այնտեղ, անոնցմէ՝ նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ։ Սակայն  Էրտողանի թեկնածուները յաղթեցին կրօնական ուղղուածութիւն ունեցող քաղաքներու մէջ. նախագահական ընտրութիւնները, որոնք համընդհանուր ընտրութիւններ են, եւ կը  ներառեն ողջ Թուրքիան, այնտեղ ըլլալով  էրտողանամէտ գիւղերը, որոնց կարողացաւ  Էրտողան իրեն կողմը գրաւել կրօնի միջոցով շատ մեծ ազդեցութիւն կարելի է ունենան ի շահ  Էրտողանին, եթէ անոնք բոլորը ընտրութիւններուն մասնակցին։

Վերջապէս, ո՞ւր պիտի հասնի թրքական լիրան եւ թաղուի։ 

-Արդեօ՞ք Էրտողանը պիտի շարունակէ իր տնտեսական քաղաքականութիւնը և հոսանքին հակառակ լողալը ու կարողանա՞յ  դիմանալ մինչև վերջ։

-Արդեօ՞ք Էրտողանի կողմէ հոգեպէս պատրաստուած  կրօնամոլ թուրք ընտրազանգուածը պիտի ընդունի՞ անոր որպէս նախագահ՝ աշխարհիկ Քըլըջտարի  ճանապարհը կտրելու համար։

– Թէ Էրտողանը պիտի կարողանա՞յ  համոզել թուրքերուն որ ինք անաւարտ օրակարգ ու ծրագրեր ունի եւ  Թուրքիան իրեն կարիքը ունի և անփոխարինելի է։

– Կամ ան պիտի դիմէ՞ տարածաշրջանի մէջ  տարածուած կեղծիքներուն՝ իշխանութեան մնալու համար։

– կամ ինք աս անգամ զինուորական  յեղաշրջում պիտի կատարէ՞ իշխանութեան մնալու համար։

Այս բոլոր հնարաւորութիւնները կարելի են, և մենք պէտք է սպասենք:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին