Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Որու՞ Քուէարկել

(Հայաստանի տեղական կառավարման ընտրութիւններուն առթիւ)

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ

Միքանի ամիսէ իվեր պարբերաբար ընտրութիւններ կը կատարուին Հայաստանի Հանրապետութեան զանազան վայրերուն մէջ՝ տեղական կառավարման մարմիններու առումով:

Տեղական կառավարման մարմիններու պարբերական ընտրութիւնները կ’արտացոլացնեն ժողովրդավարութեան տեսական նախապայմաններէն մէկուն բաւարարումը: Անոնք – ինչպէս որեւէ ընտրութիւն – նաեւ կը թարմացնեն պաշտօնավարութեան ուժականութիւնը:

Ոմանք ուշադրութեամբ կը հետեւին այդ ընտրութիւններուն՝ իբրեւ ջերմաչափը կամ արտացոլանքը հանրապետութեան մէջ քաղաքական ուժերուն ներկայ վիճակին:

Սփիւռքի մէջ կայ մեծամասնութիւն մը որ կը պաշտպանէ այս կամ այն կողմը:

Չսորվեցանք որ Խորհրդային Հայաստանը մեր հայրենիքը նկատել ու չնկատելը, ՀՀՇական ըլլալն ու չըլլալը, Քոչարեանական քեմփին պատկանիլը կամ հակադրուիլը, Սերժ-Սարգսեանական կամ ընդդիմութեան կողմ ըլլալը, այսօր ալ Փաշինեանական ըլլալն ու չըլլալը մեզ բոլորս, հայկական միասնական էթնիք միաւորը – իր բոլոր գունաւորումներով – մեր մակերեսային կողմնորոշումներուն հետեւանքով մեզ կը մասնատէ ու կը տկարացնէ եւ կը շեղէ մեր հիմնական տեսադաշտէն: Մենք սկսած ենք – խորքին մէջ շատոնց է այս վիճակին մէջ ենք – ծառը տեսնել, առանց ետեւի անտառը գիտակցելու: Մենք մեր հրատապ օրակարգերու առաջնայնութիւնը դարձեալ եւ գրեթէ միշտ խախտած ենք:

Ես, նաեւ իբրեւ Հայաստանի քաղաքացի, քուէարկելու պարագային պիտի չփնտռէի անունները թեկնածուներուն, այլ պիտի ուզէի իշխանութեան վրայ տեսնել իրա՛ւ, ազնիւ, մարդկային մարդեր, որոնք անտառին մասին կը մտածեն:

Գիտեմ, բաւարար չէ մտածելը. Խօսի՛լը, կարեւոր է նաե՛ւ գործելը: Ուստի եւ պիտի վերատեսութեան ենթարկէի իմ քուէիս հասցէն երբ անոր հասցէատէրը գործէ խօսքի անցնելու ճամփուն վրայ կը շեղի եւ հրապարակաւ պիտի յայտնէի թէ ես, որ իբրեւ քաղաքացի քուէարկած էի այսինչին՝ իր ծրագրերուն եւ խոստումին համար, հիմա –երբ ան խախտած ու դրժած է իր խոստումը –  յետս կը կոչեմ իմ քուէս:

ՅԳ. Խօսքս չուղղուիր այս կամ այն անհատին, թեկնածուին ու կուսակցութեան: Զայն պէտք է հասկնալ իր բացայայտ իմաստով եւ խոր ծալքեր չփնտռել այնտեղ:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին