Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին եւ Ֆրանսայի նախագահին միացեալ յայտարարութեան տողատակը, որոշ լաւատեսութիւն կրնայ ներշնչել միեւնոյն ժամանակ սակայն կան աղբիւրներ, որոնք կը յայտնեն, որ լուրջ բան կարելի չէ սպասել երկու ղեկավարներուն հանդիպումէն, նամանաւանդ, որ ր ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններու նախօրէին, Մաքրոն ունի իր ուրոյն օրակարգը նման հանդիպման մը համար, որ պայման չէ, կեդրոնացած ըլլայ Լիբանանի վրայ:
Լաւատես աղբիւրներ սակայն լաւատես են նախարար Քըրտահիի հրաժարականով, այն յոյսով, որ այդ ի վերջոյ պատճառ պիտի դառնայ արաբական էմպարկոյի վերացման:
Այս բոլորին հասնելու համար Լիբանան տակաւին պարտաւորութիւններու տակ կը մնայ եւ ունի քաղաքական եւ տնտեսական պայմաններ, որոնց յարգելէն կախում ունի Լիբանանի ճգնաժամի հանգուցալուծումը: