Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Լուսաւորուեցաւ Սուրբ Ծննդեան Տօնածառը Մեսրոպեանի Շրջափակին Մէջ

30 Նոյեմբեր 2021-ի երեկոյեան Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան մեծ տօնածառի լուսաւորման արարողութիւնը, որ նշեց իւրայատուկ մուտք մը Սուրբ Տօներուն, մասնակիցներուն քով արծարծելով այն բոլոր գեղեցիկ եւ ոգեւորող ապրումները, որոնք կը զուգակցուին մեր Փրկիչին Ծնունդին եւ Յայտնութեան:

Արարողութիւնը գլխաւորեցին Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ եւ Ֆրանսայի Պիթշ երկրամասի Lycée Louis Casimir Teyssier-ի տնօրէն պարոն Փաթրիք Տիւկան, որ աշխատանքային այցելութեամբ մը կը գտնուէր Մեսրոպեան, երկու դպրոցներուն միջեւ կնքուած գործընկերութեան պաշտօնական համաձայնագիրին ստորագրութեան առիթով:

Ներկայ էին Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Խաչիկ վրդ. Գույումճեան, փոխ-ժողովրդապետեր հայր Տիգրան եւ հայր Վարդան, Մեսրոպեանի բարձր կարգի դասարաններու աշակերտներ, ուսուցիչներ եւ ծնողներ:

Արարողութիւնը սկսաւ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փողերախումբին կատարումով, որուն, գեղարուեստական մասով, յաջորդեցին Մեսրոպեանի աշակերտներուն նուագներն ու երգերը, նուիրուած Սուրբ Ծննդեան:

Խօսք առին պարոն Փաթրիք Տիւկան եւ պարոն Կրէկուար Գալուստ, միասնաբար կատարելէն ետք տօնածառին լուսաւորումը:

Պարոն Տիւկան ըսաւ, որ մեծապէս ազդուած է ոչ միայն այս արարողութեամբ, այլ նաեւ այն այցելութեամբ, զոր կատարած էր Մեսրոպեան վարժարան, այդ օր: Ան աւելցուց, որ իր ղեկավարած վարժարանը խանդավառ է Մեսրոպեանի հետ գործակցութեան գաղափարով, ի շահ երկու դպրոցներու աշակերտներու յառաջդիմութեան:

Պարոն Կրէկուար Գալուստ դիտել տուաւ, որ տօնածառին լուսաւորումը խորհրդանիշ մըն է այն յոյսին եւ հաւատքին, որ Մեսրոպեանի ընտանիքը ամրօրէն կը պահէ իր մէջ, արիաբար դիմագրաւելու ներկայ դժուարին պայմանները եւ անխափանօրէն շարունակելու կրթութեան ճամբան: Ան ըսաւ, որ այս արարողութեամբ Մեսրոպեանը ընդառաջ կ՛երթայ Սուրբ Ծննդեան տօնին, որուն պատգամները իրենք են որ կը լուսաւորեն մեր ճամբաները կեանքի խաւարին մէջ: Ան ողջունեց պարոն Փաթրիք Տիւկանի ներկայութիւնը եւ վստահեցուց, որ նման հոգեպարար պահու մը մէջ նուիրականացած բարեկամութիւնը պիտի ըլլայ մշտական, լուսաւորելով ֆրանսացի եւ լիբանանահայ աշակերտներուն ուսման ճանապարհները:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին