26-28 Նոյեմբերի միջեւ, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ, ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկ թենիսի վարչութեան անդամներ տոթք. Շահէ Փարթամեանի եւ Կարպիս Կարապետեանի կազմակերպութեամբ, Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով 16 տարեկանէն վար տարիքով մարզիկներու ՝ անհատական եւ խառն մրցաշարքներ տեղի ունեցան ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեանի Անդրանիկ բացօթեայ մարզադաշտին մէջ: Մրցումին մասնակցեցան 14 մարզիկներ:
Անհատական մրցաշարքը շահեցաւ ՀԵԸ-ական Արման Կարապետեանը: Աւարտական մրցումին, ան պարտութեան մատնեց Թարեք Շապլին: Խառն զոյգերու մրցաշարքը շահեցան ՀԵԸ-ականներ Արման Կարապետեանը եւ Մարինա Տըրէյտին պարտութեան մատնելով Թարեք Շապլին եւ Մարիամ Պէրպէրեանը: Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի ներկայացուցիչ Թանիոս Քընաան շնորհաւորեց բոլոր մասնակիցները եւ յանձնեց մրցանակները:
Կը շնորհաւորենք ՀԵԸ-ի մարզիկները զոյգ յաղթանակներուն առիթով:
