Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Վեր Կանգնիլ Նեղխմբակային Շահեր Հետապնդելէ

Համայն հայութիւնը արդէն մէկ տարիէ աւելի կ’ապրի խռովքի մէջ: Մեր հայրենական պետութեան արեւելեան ու արեւմտեան դրացիները՝ թուրքերն ու ատրպէյճանցիները, բռնագրաւելէ ետք Արցախի Հանրապետութեան մեծ մասը, այսօր բացայայտօրէն կը սպառնան ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն, այլեւ մեր հայրենաբնակ ազգակիցներու բուն գոյութեան: Այս բանը կը կատարուի համայն աշխարհի անտարբեր հայեացքներուն տակ: Մեր ՛՛ռազմավարական դաշնակից՛՛ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը եւ ՛՛բարեկամ՛՛ները՝ Իրանն ու արեւմտեան պետութիւնները կը բաւականանան, մերթ ձեւական յայտարարութիւններով, յաճախ ալ հաւասարութեան նշան դնելով նախայարձակին ու զոհին միջեւ: 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներուն մէկ մասը, մասնաւորաբար գերիներու անվերապահ ու ամբողջական վերադարձը ՀՀ-ին՝ կը մնայ անկատար. աւելին՝ նոր գերեվարումներ կ’արձանագրուին ՀՀ-ի ինքնիշխան տարածքին մէջ ատրպէյճանական սադրիչ յարձակումներու հետեւանքով:

Համազգային այս ծանր իրավիճակին զուգահեռ, լիբանանահայութիւնը կ’ապրի ուրիշ մղձաւանջ մը. Լիբանանի քաղաքական փտած վերնախաւի եւ պետական պատասխանատուներու անպատասխանատուութեան հետեւանքով երկրի դրամանիշի գնողունակութեան ահաւոր անկում եւ ընկերա-տնտեսական աներեւակայելի տագնապ: Լիբանանի ժողովուրդը, ներառեալ մեր ժողովուրդին զաւակները հասած են աղքատութեան ամենէն վարի աստիճանին, որ դէպի սով կ՛առաջնորդէ:

Ի տես այս վիճակին, իրենք զիրենք լիբանանահայութեան տէրը կարծող եւ այդպէս ալ յայտարարած շրջանակները կը բաւարարուին կիսատ պռատ միջոցներով, որ զուգահեռաբար կը ծառայէ  ինքնակեդրոն եւ ընտրական հաշիւներու՝ փոխանակ համագաղութային, ինչո՞ւ չէ՝ համահայկական յստակ ծրագիր մը մշակելու եւ զայն գործադրելու:

Այս տխուր իրականութեանց դիմաց, Ազատախոհ Լիբանանահայերու Համախմբումը կոչ կ’ուղղէ բոլորին՝ վեր կանգնիլ նեղխմբակային շահեր հետապնդելէ եւ մարտահրաւէրները դիմագրաւել համազգային ներուժի կեդրոնացման միջոցով:

Ազատախոհ Լիբանանահայերու Համախմբում
Պէյրութ, 29 նոյեմբեր 2021
spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին