Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Լիբանանցիները Կրնան Մահանալ Դեղ Գնելու Անկարողութեան Պատճառով

«Մենք անդունդի եզրին ենք» յայտարարեց Քլեմանսօ բժշկական կեդրոնի սրտաբանական բաժանմունքի ղեկավար, տոքթ. Էլի Շամմասը: «Գալիք օրերը սարսափելի կրնան ըլլալ, որուն հետեւանքը աղիտալի է, քանի որ մահացութիւնը ահռելի թիւերու պիտի հասնի շատերու կողմէ դեղ գնելու կարողութեան անհնարութեան պատճառով: «Գալիք իրավիճակը կրնայ գերազանցել քովիտի պատճառով մահացածներու թիւը». շարունակեց վերոյիշեալ բժիշկը:

Շատ մը հիւանդներու համար ժամանակը իրենց առաջին թշնամին է: Ըստ Շամմասի կարգ մը դժուար հիւանդութիւններու դեղերու գիները արդէն իսկ աստշաբաշական են, մինչ կան հիւանդութիւններ, որոնց համար կենսական դեղերու հիւանդներու կողմէ ակամայ դադրեցումը մահացու կրնայ ըլլալ հիւանդին:

Այս վիճակը պետական լուրջ միջամտութեան կը կարօտի եւ կը ստեղծէ ընկերային լուրջ տագնապ մը, որ դժուար վերականգնելի է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին