Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի «Կովերու Պարտէզ» կոչուած հողամասին վարձակալութեան հարցին յարուցած աղմուկը տակաւին կը շարունակուի, որուն վերջին «հերոսը», տեղւոյն կուսակցական մարմնի մը պատասխանատուներէն է, որուն շրջապատը տեսերիզ մը տարածած է, ուր ինք ամբոխավարական ճար մը կը խօսի սակաւաթիւ ներկաներուն առջեւ: Մինչ տակաւին մեզի հասանելի չէ, անոր վարձակալութեան պայմանագրին իսկական բովանդակութիւնը, նամակ մը ստացանք մեր թերթին բարեկամէ մը, զորս կը հրատարակենք որոշ յապաւումներով: Խմբ.
«Կովերու Պարտէզ » կոչուած հողամասին վրայ, ստորագրեալս, «Ալեքս Եւ Մարի Մանուկեան» շէնքին մէջ, առանձին երեք տարի գիշերապահութիւն ըրած եմ որպէսզի ոտնձգութիւններ տեղի չ’ունենան: Հսկայ շէնքին մէջ ես առանձին բնակած եմ:շ Շէնքը երեք տարի դատարկ էր, խօսքս, 70-ական թուականներուն մասին է: (Մեծ գաղտնիք մըն ալ կը պարունակէ), այդ հողամասը հինգ մատներուս նման գիտեմ: Հետեւաբար մերօրեայ անհամութիւններուն դրդապատճառը լաւ գիտեմ, որուն մասին առ այժմ հետեւեալը կ՛ըսեմ.
Նախ նշեմ, որ տարածուած վերջին տեսերիզին հերոսին տունը Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը ձեռքէն առած էր անցեալին, իր կողմէ անօրինական կերպով վերավարձակալելուն պատճառով, մինչ իր պատկանած կուսակցութեան պատմութիւնը լեցուն է Հայ ժողովուրդին միակ պաշտպանը ներկայանալու առասպելով ու սաղիմահայ կեանքը միահեծան տնօրինելու նկրտումներով ( նոյնն են նկրտումները ոչ միայն նշեալ համայնքին մէջ – խմբ.)
Երկրորդ, նշուած հողատարածքը ճանաչուած է «Կովերու Պարտէզ» անունով: Միայն անունը արդէն ինքնին շատ բան կը պատմէ: Այս հողատարածքը, դարերով լքուած վիճակի մէջ կը գտնուէր, նախկին միաբանները, ՀԲԸՄ-ի նախագահ՝ Ալեքս Մանուկեանին յաջողեցան համոզել որ այդ տարածքին մէկ մասին վրայ նոր ճեմարանի մը կառուցումը հովանաւորէ: Այդպէս ալ եղաւ:
Լքուած հողամասին մնացեալ մասը շարունակեց մնալ լքուած:
Նշեալ սոյն լքուած հողամասը վարձու տալով, Երուսաղէմի միաբանութիւնը, տարեկան մեծ գումարներ կրնայ ապահովել ի օգուտ մնացած կալուածներու վերանորոգման եւ միաբանութեան փոքր կամ մեծ ծախսերը հոգալու համար, անկախ այդ բանէն թէ ո՞վ է վարձքը վճառողը. Հրեայ, Արաբ, Թուրք եւայլն:
Ըստ պետական օրէնքին, բոլոր հայկական կալուածներուն եւ հողամասերուն տէրն ու տիրականը, Երուսաղէմի միաբանութիւնն է:
Ըստ Երուսաղէմի Միաբանութեան Օրէնսգրքին, Երուսաղէմի Միաբանութեան, երեք անձերէ բաղկացած բարձրագոյն տնօրէնութիւնը, 1) Պատրիարքը, 2) Լուսարարապետը եւ 3) Կալուածոց տեսուչը, իրաւասու է, վարձու տալ միաբանութեան պատկանող բոլոր կալուածները, հողամասերը եւայլն 25 տարուայ ժամկէտով, առանց մնացած պատասխանատու մարմիններէն արտօնութիւն խնդրելու:
Ուրեմն, այս պարագային, երեք անձերէ բաղկացած բարձրագոյն տնօրէնութեան սխալն այն է որ, 25 տարուայ փոխարէն, «Կովերուն Պարտէզի» դարերով լքուած հողամասը, 99 տարուայ ժամկէտով վարձու տուէր է կամ պիտի տայ:
Եզրակացութիւն:
Եթէ, երեք անձերէ բաղկացած միաբանութեան տնօրէնութիւնը, հողամասը 25 տարիով վարձու տուած ըլլար կամ մտադիր է տալու, ըստ միաբանութեան օրէնքին կ’ըլլայ օրինական մինչ 99 տարիով վարձու տալը քննարկելի է: