Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Ո՞վ Բացաւ «Դժոխքի Դռները» Լիբանանի Վրայ, Եւ Ի՞նչ Գին Պիտի Վճարէ Լիբանանցին

Կարծէք առկայ դժոխային իրավիճակը չէր բաւեր, դժոխքի նոր դռներ բացուեցան Լիբանանի վրայ երբ  հրդեհներ բռնկեցան մէկէ աւելի վայրերու մէջ, որոնք կլանեցին հսկայական տարածքներ՝ հարաւէն հիւսիս՝ անցնելով Պեքաայի, Մեթնի եւ Քսրուանի մէջէն:

Հրշէջ միաւորները եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան անդամները արձագանգեցին կոչին՝ գիշեր ու ցերեկ իրար խառնելով փորձեցին վերահսկել հրդեհները, որոնց թիւը հասաւ 93 հրդեհի ըստ կենսոլորտի  նախարարութեան առաջին զեկոյցին:

Մինչեւ այս պահը յստակ տեղեկութիւն չկայ անոնց սկզբնապատճառին մասին, սակայն մեծաթիւ եւ զանազան շրջաններու մէջ միատեղ յառաջացած հրդեհները տրամաբանականօրէն մարդկային ոճրային գործօնի առկայութիւնը կը յուշեն:

Հրդեհներուն, որպէս արդիւնք լայնատարած անտառներ մոխրացան, որոնք կենսական էին Լիբանանի կենսոլորտին համար, մինչ անոնց վերամշակումը տարիներ պիտի տեւէ: Ցաւալին նաեւ այն է, որ շատ մը անտառներ հրշէջ միաւորներու մեքենաներուն մուտքին համար յարմար ճամբաներ չունին, բան մը, որ աւելի եւս կը դանդաղեցնէ աշխատանքները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին