Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Ընկերներ Տոքթ. Յակոբ Փափազեան Եւ Վիգէն Չալեան Պարգեւատրուեցան Արցախի Հանրապետութեան ԿԳՄՍ Նախարարութեան Անունով

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան հետ շրջանակի քատրային երրորդ խորհրդակցական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի 8 Նոյեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Թէքէեան Կեդրոնին մէջ Ա. յարկ:

Հանդիպման առաջին մասով, հեռակայ կապով մեզի միացան Արցախի Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սփորթի նախարարուհի՝ Տիկ. Լուսինէ Ղարախանեանն ու Արցախի Նախագահի խորհրդական յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ (Սփիւռքի հարցերով)` Տիկ. Ազատուհի Սիմոնեանը:

Հանդիպման ընթացքին Արցախի ԿԳՄՍ նախարարութեան ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԳԻՐԵՐՈՎ պարգեւատրուեցան երախտաշատ երկու ընկերներ՝ ՏոքթՅակոբ Փափազեան եւ Վիգէն Չալեան:

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԳԻՐԵՐերուն մէջ յատկապէս նշուած էր.

«Կրթութիւնն ու մշակոյթը եղել է և իբրև մի եզակի հոգևոր սնունդ, մեր յաւիտենականութեան և մշտագոյ իւրատիպ ակունք:

Յիրաւի, մեր ինքնութեան պահպանման կենսական առաքելութեան ճանապարհին նշանակալից է Սփիւռքի կրթամշակութային օջախների դերն ու նշանակութիւնը:

Թէքէեան մշակութային միութիւնը այսօր շարունակում է կրել մեր հոգևոր արժէքների անվհատ սերմնացանի պատուաւոր կոչումը:

Արցախը միշտ բարձր է գնահատել Սփիւռքի դերն ու նշանակութիւնը մեր ազգային ինքնութեան պահպանման գործում»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին