Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Ռաֆայէլ Պատկանեան

Ռաֆայէլ Պատկանեան (Քամառ Քաթիպա, 8 (20) Նոյեմբեր 1830, Նոր Նախիջեւան,  Ռուսական Կայսրութիւն – 22 Օգոստոս (3 Սեպտեմբեր) 1892, Նոր Նախիջեւան, Ռոստովի շրջան, Ռուսական Կայսրութիւն) գրող եւ մտաւորական։

Ռաֆայէլ Պատկանեան ծնած է 1830 Նոյեմբեր 8-ին նոր Նախիջեւանի մէջ, իր նախնական կրթութիւնը ստացած է իր հօր՝ Տէր Գաբրիէլի մօտ։ 1843-1849-ին ուսումը շարունակած է Լազարեան ճեմարանէն, ուսուցիչ կ՛ունենայ մեծանուն մտաւորական, մանկավարժ եւ ազգային գործիչ Մկրտիչ Էմինը: Իսկ 1851-ին ուսում ստացած է Դորպատի համալսարանէն ներս։ Պատկանեան նոյն տարին ընդունուած է Մոսկուայի համալսարանի բժշկական բաժինը։ 1866-ին աւարտած՝ Պեթերսպուրկի համալսարանի արեւելեան բաժինը։

1849-ին, գացած է Թիֆլիս՝ իր հօր քով, ուր Ներսիսեան դպրոցի մէջ վարած՝ ուսուցչական պաշտօն։ 1850-ին, կը մասնակցի իր հօր հրատարակած «Արարատ» շաբաթաթերթին։ Այդ միջոցին կը հրատարակէ իր առաջին բանաստեղծութիւնները գրաբար լեզուով, ապա կը սկսի գրել աշխարհաբարով։ 

1854-ին Մոսկուայի մէջ հայ ուսանողները կը կազմեն «Քամառ Քաթիպա» անուան տակ՝ գրական ընկերութիւն մը, երեք հիմնադիրներու անուանց սկզբնատառերը միացուած անուն մը․ իրենց նպատակն էր ինքնուրոյն եւ թարգմանօրէն գրուածքներ ժողովրդական հրատարակութիւն ընել, որուն բանաստեղծական մասն կը պատկանէր Ռաֆայէլին եւ որ առիթ մը եղաւ իր ճոխ բանաստեղծութիւնները գրելու։

Այս Քամառ Քաթիպա գործը հրատարակուեցաւ ընդամէնը 5 տետրակ եւ որու մէջ երեւցաւ առաջին անգամ Մայր-Արաքսին եւ Դոդոխեանցի «Ծիծեռնակ»ը։

1855-ի սկիզբները Պատկանեան Մոսկուայի մէջ երկու տարի ապրելէ ետք կը տեղափոխւի Փեթերսպուրկ՝ Զինուորական բժշկական ակադեմիան մտնելու նպատակով եւ կ՛իրագործուի թէեւ, բայց ինք փոխելու իր որոշումը կ՛ընտրէ Արեւելեան բաժինը, ուր եւ կ՛աւարտէ 1860-ին իր բարձրագոյն ուսումը։

Բայց այդ միջոցին եռանդով կը զբաղի Քամառ Քաթիպա ընկերութեան հրատարակութիւններուն եւ այդ 5 տետրերուն մէջ կը տպէ 18 բանաստեղծութիւններ, եւ որովհետեւ ինք եղած էր ամէնէն եռանդուն եւ բեղմնաւոր մէկ աշխատակիցը սոյն ընկերութեան, միւսներու հեռանալովը ինք կը շարունակէ սոյն ծածկանունը Քամառ Քաթիպա եւ անկէ վերջ այնպէս կը ճանչցուի ամէն կողմ։

Քամառ Քաթիպա գոհ չմնալով այս վիճակէն փափաքեցաւ իրեն յատուկ թերթը

1864-ին կ՛ամուսնանայ Ատեմից Յովհաննէս Մէլիք-Զարմեանի աղջկան հետ։

Քամառ Քաթիպայի մեծութիւնը հոն է, որ 42 տարուան անխոնջ դրական գործունէութեան մէջ միշտ արձագանք եղած է ազգային կեանքի մտաւոր եւ բարոյական երեւոյթներուն եւ կենսական բարձր շահերուն եւ պահանջներուն, այն բոլոր մտածումները եւ տառապանքները, որոնք կրած են իր ժամանակակիցները՝ կենդանի կերպով պատկերացած է իրեն գործերուն մէջ։

Գրած է վիպակներ եւ վէպեր եւ աշխատակցած Մեղու, Փորձ, Արձագանք, Արաքս, Մշակ, Նոր դար եւ Վարժարան թերթերուն։

Կը մահանա թոքախտէ 1892 Օգոստոս 22-ին իր ծննդավայրին մէջ:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին