Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Պահը Աւելի Քան Լուրջ Է

Բարի դրացիական ապաշրջափակումի վարդագոյն ներկայացմամբ թէ Հայրենիքի գերիշխան տարածքի վրայով թշնամիին տրամադրուելիք միջանցքի օրակարգի յառաջ մղումով, մեր հայրենիքին հողային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդին ազգային անվտանգութեան մեծ վտանգ կը սպառնայ:

Հետաքրքրականը այն է, որ միեւնոյն՝ թէական գործընթացին մասին երկու տարբեր անուանում կ՛օգտագործուի: Մինչ Հայաստանի իշխանութիւնները, Սիւնիքը մասնատել միտող այս գործընթացը կ՛անուանեն, իրենց բառապաշարով՝ «կոմունիքացիաների ապաշրջափակում, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները գործընթացը կ՛անուանեն «պատմական   միջանցքի վերականգնում»…: Սկզբունքօրէն աշխարհաքաղաքական երկու տարբեր բառհասկացողութիւններ եւ իրավիճակներ են հաղորդակցութեան միջոցներու ապաշրջափակումը եւ պատմական միջանցքի մը վերականգումը…:

Մեզի համար Սիւնիքի ընդմէջէն Ազրպէյճանին, ոեւէ անուանումի տակ անցք տրամադրելը ընդհանրապէս ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ է: Ինչ կը վերաբերի մեր ժողովուրդին թշնամի թուրքիոյ եւ ազրպէյճանի հետ հաղորդակցութեան միջոցներու ապաշրջափակումին, ապա մենք կը շեշտենք, որ  պատմական ներկայ հանգրուանին այս մասին քննարկելը չափազանց վտանգաւոր է մեր ժողովուրդին համար ու մեծապէս կը հակասէ Հայաստանի ու Արցախի շահերուն:

Բարի դրացիութիւն եւ հաղորդակցութեան միջոցներու ապաշրջափակում մեր եւ թշնամիին միջեւ կարելի չէ կատարել  մինչեւ այն ատեն, որ.

Ա. Լուծուած չեն մեր հոգեհարազատ գերիներուն եւ պատանդներուն հայրենադարձման հարցը, ինչպէս նաեւ մեր զոհուած հերոսներուն մարմիններուն ու աճիւններուն Հայրենիք վերադարձը.

Բ. Պաշտօնապէս կարգաւորուած  չէ Արցախի մեր քաջարի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի կենսահարցը.

Գ. Ազրպէյճանի կողմէ ամէն օր կ՛ոտնակոխուին մարդկային իրաւունքները.

Դ. Լուծուած չեն Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան հարցերը.

Ե. Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն հայատեաց եւ մեր Հայրենիքին հանդէպ զաւթողական ու յարձակողական իրենց քարոզչութիւնը:

Վերոյիշեալ պայմաններուն տակ, ուղղակի զարմանալի է անտեսել թշնամիին ցանկութիւնները եւ վարուիլ «Աստուծոյ գառնուկին» օրինակով:

Շատոնց է իվեր յայտնի է, որ Հայաստանի գործող իշխանութիւնը ի վիճակի չէ մեր երկրին շահերը պաշտպանելու հանդէպ Ազրպէյճանին, եւ ոչ միայն: Այս իշխանութիւնը 09.11.2020-ին ամօթալի զիջումներու փաստաթուղթէն ալ անդին անցնելով, մեզի համար անհասկնալի պատճառներով Ազրպէյճանին զիջեցաւ Սիւնիքի մարզի արեւելեան կողմի տարածքները, որոնք հայոց բանակին հսկողութեան տակն էին: Տարածքներ, որոնք Սիւնիքի անվտանգութեան գօտին կը կազմէին: Սոյն իշխանութիւնը այս յաւելեալ զիջումները կատարեց հակառակ այն փաստին, որ վերոնշեալ փաստաթուղթին մէջ յստակօրէն պայմանաւորուածութիւն կար, որ հակամարտութեան մէջ եղող իւրաքանչիւր կողմը պիտի մնար մինչեւ տուեալ թուականը իր ունեցած դիրքերուն վրայ…: Հակառակ այս յարաբերականօրէն մեզի շահաւէտ փաստին, Հայաստանի իշխանութիւնները բան չըրին պահելու համար մեր դիրքերը: Ընդհակառակը, անոնք միաբերան եւ զարմանալի (ոչ անպայման զարմանալի) պահուածքով մը հայկական շատ մը գիւղեր ու շրջաններ իրենց թրքական անուններով սկսան կոչել, ինչպէս Արցախի մէջ, նաեւ Հայաստանի … :

Մենք շուտով ականատես եղանք  Հայրենի Շուռնուխ գիւղի, եւ Որոտանի ճանբուն անհասկնալի եւ անտրամաբանական պատճառաբանութիւններով զիջումներու գործընթացին, որուն որպէս հետեւանք ազրպէյճանական կողմը այսօր կը վերահսկէ, մեզի՝ մեր պապենական Սիւնիքին կապող հիմնական ճանապարհը:

Մենք լրջօրէն մտահոգ ենք, որ այս պայմաններով եւ այսօր գործող իշխանութեան անկար (չըսելու համար ուրիշ բան) կազմակերպութեամբ ու տնօրինմամբ ապաշրջափակումը կործանարար պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Արցախի համար, ալ ո՜ւր մնաց, որ Աստուած մի արասցէ, այսպէս կոչուած «պատմական միջանցքի վերականգնում» իրականանայ:

Այս կործանարար գործարքը, պէտք է իր սաղմին մէջ խեղդուի եւ այս բանը պէտք է ըլլայ ամէն գնով եթէ կ՛ուզենք, որ մենք շարունակենք ունենալ Հայրենիք (կամ ինչ որ մնացած է անկէ) եւ գոյատեւենք, որպէս ազգ:

Պահը աւելի քան լուրջ է: Մեզմէ լուռ մնացողը լոկ անփոյթ չէ, այլ՝ ԴԱՒԱՃԱՆ է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին