Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Կիւսթաւ Ե.

Կիւսթաւ Ե. (շուէտ.՝ Gustaf V, Օսքար Կիւսթաւ Ատոլֆ, 16 Յունիս 1858 – 29 Հոկտեմբեր 1950), Շուէտ թագաւոր Օսքար Բ. եւ Նորվեկիոյ Թագուհի Սոֆիա Նասսաւցիին աւագ որդին է: 1907 թուականին թագաւոր եղած է եւ շարունակած՝ մինչեւ իր մահը:

Շուէտ կառավարութեան հետ ուղղակի ըլլալով զբաղած վերջին թագաւորը եղած է: 1916 թուականին կառավարութեան հետ ռազմային պաշտպանութեան պիւտճէի մասին տարաձայնութիւններ ապրած է:

Թագաւորը չափաւոր մէկն էր, ժողովրդական շարժումներու եւ թէ գործառուներու ամսականներու սահմաններու մասին օժանդակութիւն ցոյց կու տար: Թագաւորը, նոյնաժամանակ ըլլալով, գլխաւոր հրամանատար եղող վերջին Շուէտ թագաւորն է (1907-1939):

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի միջոցին Գերմանիոյ աւելի մօտ եղած է: Գերմանական ծագում ունեցող թագաւորին կինը, թագաւորին Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի միջոցին ցուցաբերած քաղաքականութեամբ ազդեցիկ եղած է: 18 Դեկտեմբեր 1904-ին Սկանտինաւեան թագաւորի հետ միանալու համար ժողով մը գումարած են: Թագաւորը Սկանտինաւիայի հետ դաշնակից ըլլալ եւ Գերմանիոյ քով պատերազմի մտնել կ’ուզէր, բայց նոյնաժամանակ ալ ուշադրութիւնները վրան գրաւել չէր ուզեր: Նախարար Հանսոնը կը խորհէր, որ եթէ կառավարութիւնը Գերմանիոյ պահանջքերը մերժէր, թագաւորը կառավարութեան հրաժարութեան մասին շատ մեծ ճնշում մը պիտի ընէր (Գերմանիան հիւսիսային Ֆինլանտիայի եւ Նորվեկիայի հողերու վրայ եղող ռազմական բազաներու նման բազաներ կը պահանջէր): 1947-ին այս գիտելիքին ճշդութիւնը քննարկուեցաւ: Նախարար Հանսոնի յայտարարութեան համեմատ թագաւորը Գերմանիոյ հետ կարելիութիւն ունեցող որեւէ պայքարէ հեռու մնալ կը փափաքէր: Էրնսդ Վիկտորս, Կիւսթաւ Ե. եւ Իշխան Կիւսթաւը Շուէտի մէջ դաշնակիցներու (Գերմանիոյ) համար զինուոր եւ ռազմային կառք պարունակելը առաջարկեցին Շուէտ կառավարութեան, բայց Շուէտ կառավարութիւնը այս առաջարկութիւնը մերժեց, որովհետեւ Գերմանիոյ երեսէն առնուելիք կարելի պատիժները գուշակած էին:

Կուսթաւ Ե. 29 Հոկտեմբեր 1950-ին վախճանած է եւ իր տեղը մեծ մանչը Կուսթաւ Զ. Ատոլֆ-ը անցած է:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին