Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Պիտի Դիմանանք

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ

Ստորեւ կը ներկայացնենք բանաստեղծութեան իշխան՝ մեծ խմբագրապետ Վահան Թէքէեանի գրիչով ստորագրուած խմբագրականը Եգիպտոսի «Արեւ»ի 15 Յուլիս 1915 թիւին մէջ: Մեր կողմէ վերատպուած այս նիւթը  անհաւատալիօրէն ժամանակակից է եւ կ՛արտայայտէ մեր Հայրենիքին ու ժողովուրդին դիմակալած  այսօրուայ իրավիճակը եւ զայն դիմադրելու հրամայականը:
Անուղղակի կոչ մըն է ան, ինչպէս Հայրենի պետութեան ու ժողովուրդին, նաեւ սփիւռքահայութեան: Բարոյական յոյժ կարեւոր կոչ մը, որ լսելի պէտք է դառնայ բոլորէն: ԲՈԼՈՐԷՆ:
«Դիմացէ՛ք». սա դարաւոր կոչն ու հրամանն է Վարդանանաց հերոսներուն, Հայրենիքը ազատ պահելու ու հայօրէն ապրելու գոյապայքարին մէջ անձնուէր դեր ստանցնած քաջորդիներուն, Դաւիթ Բէկին ու Մխիթար սպարապետին,  Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն, Զօրավար Անդրանիկին, Սարդարապատի մարտիկներուն, Արցախի գոյամարտը մղած  հերոսներուն, եւ Եռաբլուրին վրայ հանգչող հոգեհարազատ մեր քաջերուն:
ԴԻՄԱՑԷ՛Ք թուրքին նորօրեայ ճնշումներուն, միջազգային ընտանիքի անտարբերութեան, ներքին թէ արտաքին թշնամիներուն, յաճախ հայանուն էակներու ազգադաւ դաւադրութեանց եւ մեր ժողովուրդին յուսահատ նաեւ մոլորեալ վիճակին:
Ազգային Արժանապատութեան Ճգնաժամի մէջ ենք մենք այսօր: Պատերազմ է այսօր: Գոյութենական պատերազմ: Այսօր, «...իրապէս, ճշմարտապէս ու կատարելապէս պատերազմի մէջ ենք մենք..». ինչպէս կը շեշտէ մեծ խմբագրապետը:
Պիտի դիմանա՞նք: ԱՅՈ, անպայման:
«Խմբ.»

Տարբերութիւնը ձեւին ու միջոցներուն մէջն է միայն. էութեանը մէջ՝ ոչ մէկ տարբերութիւն կայ.- մենք ալ, միւս բոլոր կռուող ազգերուն պէս, կռիւ է որ կը մղենք հիմա – եւ ինչպէս անո՛նք – պայքարին այս է՛ն տաք ու վտանգաւոր շրջանին, փոխանակ մտածելու թէ պատուաւոր խաղաղութիւն մը կրնայ զիրենք տա-կաւին փրկել մեծամեծ կորուստներէ՝ ընդհակառակը մէկ բան ունին՝ դիմանալ, այնպէս ալ մենք, մեր ամէնածանր կորուստներուն մէջէն եւ վաղուան աւելի ծանր կորուստներու հաւանականութիւնն ալ աչքի առջեւ բերելով, կ’ըսենք՝ պիտի դիմանանք:

Պիտի դիմանանք, ո՛չ բոլորովին այն իմաստով որով անոնք կը հասկնան այս բառը, տեղի չտալու եւ կանխահաս հաշտութիւն մը չկնքելու իմաստով – զոր ուզէինք ալ՝ կնքող պիտի չգտնուէր արդէն մեզի հետ – այլ բառին ամբողջ մնացեալ իմաստովը՝ որ է չյուսահատիլ եւ անվերջ անընդհատ պատրաստել ու կազմակերպել մեր կռիւի միջոցները, ըսել ինքնիրեննիս թէ պիտի կռուինք այնպէ՛ս ինչպէս մահը աչքն առած, բայց իր մահովը գոնէ իր սերունդին, սերունդէն ո՛վ որ ալ մնայ՝ անո՛ր ազատութիւնը ապահովել որոշած մէկը:

Այս որոշումը այնքա՛ն զօրաւոր եւ այնքա՛ն ընդհանուր պիտի ըլլայ մեր մէջ – ինչպէս է միւս բոլոր պատերազմիկ ազգերուն մէջ – որ ամէնքնիս, ինչ տարիքի, սեռի եւ վիճակի ալ պատկանինք, ի՛նչ զբաղումի մէջ ալ գտնուինք այս պահուս, նո՛յն չափով պատրաստ պիտի ըլլանք մենէ պահանջուելիք գերագոյն զոհողութիւններուն, երիտասարդները ինքզինքնին լիովին եւ կանխաւ պատրաստած ա-րիւնի զոհողութեան ալ՝ չնայելով ներկայիս իրենց թերեւս մատուցած ուրիշ ծառա-յութիւններուն. չափահասները, կիներն ու ծերերն անգամ՝ հնարաւոր ամէնամեծ բաժինն ստանձնելով աշխատութեան մէջ եւ առնուազն չվնասելով ազգին ամէնէն շատ պէտք ունեցած բանին՝ իր բարոյական կորովին, ընդհակառակն իրենց բո-լոր միջոցներովը, խօսքով ու գործով վառ պահելով եւ միշտ վերարծարծելով ա-նոր ոգեւորութիւնը:

Իսկ – պէտք կը զգանք ճշտելու – մասնաւորապէս ա՛յն անձը որուն ոտքը-ձեռքը կը բռնէ՝ ինչպէս կ’ըսուի, եւ որ իր վրայ առած է հրապարակաւ ու շատերու այս քարոզը կարդալ, անիկա պարտական է առաջիններէ՛ն ըլլալու այս գերագոյն զոհողութեան պատրաստ, թէ՛ ինքզինքին հետ համաձայն, եւ իր խղճին առջեւ հան-գիստ մնալու եւ թէ՛ իր խօսքին ո՛րեւէ կշիռ մը կարենալ տալու համար..:

Պէտք չկայ մեծ-մեծ բառեր գործածելու, ո՛չ ալ ինքզինքնիս միւս պատերազմիկ ազգերուն հետ բաղդատելու անպատճառ՝ ամրացնելու համար մեր մէջ այն համո-զումը, թէ իրօք մենք այսօր պատերազմի մէջ ենք, եւ այնպէ՛ս պէտք է շարժինք ու գործենք՝ ինչպէս կը գործեն, կը շարժին ու կը վարուին ճակատ-ճակատի թշնամիի մը հետ պատերազմող ազգերը:

Ուզենք թէ ոչ, պատերազմի մէջ ենք եւ մեզի համար ետ դառնալ չկայ այլեւս..: Երբ առաջին անգամ, ասկէ քանի մը ամիս առաջ, մեր պատուական բարեկամը՝ վեր. Ճեճիզեան, ա՛յս բառերով ա՛յս յայտարարութիւնն ըրաւ հրապարա-կային բեմէ մը, թերեւս դեռ այն ատենուան համար ներելի էր պզտիկ մը ժպտիլ, որովհետեւ դեռ չէինք գիտեր այն ատեն ինչ որ լսեցինք եւ ինչ որ պատահեցաւ անկէ իվեր: Հիմա, սակայն, ձեւի եւ միջոցներու տարբերութեամբ մը, պատերազ-մի մէջ ենք, այո՛, մենք ալ: Ու գլխաւոր, ահե՛ղ տարբերութիւնը մեր եւ ուրիշ պա-տերազմիկներու միջեւ սա՛ է – աւա՛ղ – որ մենք պատերազմին պէտք ունեցած բա-րոյական ու նիւթական ո՛չ մէկ պատրաստութիւնը կատարած ենք ու կը կատա-րենք դեռ, հազի՜ւ դեռ կը համոզուինք անոր անհրաժեշտութեանը եւ շատերս հա-մոզուած ալ չենք տակաւին՝ թէ ատիկա միմիայն ամէնքիս միութեամբը կրնանք կատարել, կացութեան քիչ ու շատ համապատասխան եղանակաւ մը:

Պատերազմի մէջ ենք, որովհետեւ չէինք կրնար չըլլալ, որովհետեւ՝ միշտ կանգներ ենք – խաչակիրներու ատենէն իվեր – այն քրիստոնէին կողքին որ ոտք կը կոխէր մեր երկիրը՝ Անհաւատին դէմ կռուելու համար. որովհետեւ քրիստոն-եան այս անգամ Անհաւատին ձեռքէն մեզ ազատել խոստանալով կու գար արդէն. որովհետեւ, վերջապէս, եթէ մենք չուզէինք ա՛լ՝ մեր երեքհարիւր հազարներն ու մեր քսան-հազարները պիտի մշտէին հողին տակէն հողին վրայ գտնուողները եւ պիտի հասցնէին ալ իրենց աղաղակը անոնց որ կ’ապրին Արարատին միւս կողմը, Արարատի՛ն որ միշտ եղեր է հոգեհաղորդ անթէլ հեռագրի ամէնազօր կայան մը կարծես, իր բարձր ու սուր գագաթին ծայրէն մինչեւ հեռաւոր Ամերիկաներն իր խօսակիր լայն հոսանքներն անսխալ ու ապահով հասցնող..:

Արդ, Արարատին ու Տաւրոսի՛ն ալ կատարէն, կու գան ու կու գան ատենէ մը իվեր ելեկտրահոսանքներն ու կը զարնեն անընդհատ մեր սիրտերուն՝ որոնք ի-րենց դողին – մերթ յոյսի, մերթ վախի եւ մերթ վշտի դողին – տրոփներովը կ’ընդունին ու կ’արձանագրեն անոնցմէ եկող ազդարարութիւնը..: Իբրեւ թէ հեռուն, տեղ մը, ովկիանոսին վրայ, Թիթանիք մը գտնուէր ընկղմելու մօտ՝ որ իր օգնութեան կոչը հասուցած ըլլար այդ երկու մեծ կայաններուն եւ անոնք ալ մեզի ղրկէին զայն: Ու մենք թէպէտ լսած ըլլայինք անոր այդ կոչը, բայց իբրեւ պատասխան, լուր ղրկէինք անոր. «Դիմացի՛ր, Թիթանիք, ձեռքերնիս քիչ մը գործ, մէջերնիս քիչ մը վէճ ունինք, երբ վերջացնենք՝ կու գանք..»:

Ու խեղճ նաւը կը դիմանայ կոր, բայց նաեւ կը սպասէ կոր մեզի..:

Ըսելու պէտք չկայ, բայց ըսե՛նք անգամ մըն ալ՝ թէ օտար պատերազմիկ ազգերը կեդրոնական իշխանութիւն մը ունէին, որ կանխաւ պատրաստեր էր իրենց դիմադրութեան միջոցները, եւ հակառակ ատոր, նորէն, երբ ազգերը կռուի մտան, անոնք սկսան ոգի ի բռին աշխատիլ, միանալ իրարու հետ ու իրարու միացնել բոլոր ուժերը, ձեռքերնին մխրճել ազգին բոլոր կենսաղբիւրներուն մէջ ու հոնկէ առնել, լիաբուռն առնել իրենց պէտք ունեցածը՝ որ նոյնքան լիաբուռն կ’ընծայուի իրենց արդէն:

Ասիկա օրինակն է, ո՛չ մէկ՝ այլ բազմապատիկ, զոր ունինք մեր աչքին առջեւ եւ որ սակայն չի՛ բաւեր կարծես մեր պարտքը մեզի յուշածելու, այն միակ պատճառաւ անշուշտ որ ամէնքս չենք գիտեր տակաւին, չենք զգացած ու չե՜նք համոզուած՝ թէ իրապէս, ճշմարտապէս ու կատարելապէս պատերազմի մէջ ենք մենք ալ:

Թշնամին, որուն վրայ անհունապէս շատ են մեր ապրելու բարոյական իրա-ւունքները, թշնամի՛ն կը զարնէ մեզի հիմա այնչափ աւելի դիւրութեամբ որչափ անգամ մը եւս անպատրաստ կը գտնէ զմեզ: Երկրի ժողովուրդը, որ ենթակայ է անոր հարուածին եւ որ մօտ ըլլալով իր մեռելներուն՝ ականջ կը դնէ ու կը լսէ ա-նոնց գերագոյն հրամանը՝ «Դիմացէ՛ք», կը դիմանայ հարկաւ, կը դիմանայ որքան որ կրնայ, բայց եւ նոյն պահուն, եւ իր հուսկ գերագոյն ոգորումին միջոցին զոր յանուն մեզ ալ կը մղէ, կարծես մեր կողմը կը դառնայ եւ անձկախառն յոյսի ան-սահման ձեռքով մը՝ կ’ըսէ մեզ.

– Պիտի դիմանա՞ք.. իմ դիմադրութեանս:

«Արեւ» 26 Յուլիս 1915
spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին