Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Լիբանանահայ Դպրոց

Պատմական Իրագործում.

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանին Շնորհուեցաւ Label Franceducation

2021 թուականի 27 Հոկտեմբերը պատմական օրուայ մը նշանակութեամբ պիտի արձանագրուի աւելի քան ութսունամեայ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի կրթական իրագործումներու տարեգրութեան մէջ․ այդ օր, եւ առ ի պսակումն բազմաթիւ տարիներ տեւած յամառ ու հետեւողական աշխատանքի, Մեսրոպեան վարժարանը Ֆրանսական պետական պատկան մարմիններէն ստացաւ Label Franceducation  միջազգային  հաւատարմագրումը (accréditation), որ կը համարուի որակի կնիք մը՝ ֆրանսերէնի դպրոցական ուսուցման մարզին մէջ, համաշխարհային մակարդակի վրայ։

Հաւատարմագիրի յանձնման պաշտօնական արարողութիւնը, գլխաւորութեամբ Ֆրանսայի դեսպան տիկին Անն Կրիյոյի,  տեղի ունեցաւ Պէյրութի Ֆրանսական դեսպանատան՝ Résidence des Pins-ի մէջ։ Ներկայ էին Արտասահմանի մէջ ֆրանսական կրթութեան գործակալութեան եւ Ֆրանսական իսնթիթութի ներկայացուցիչները, Լիբանանի կրթական նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Եարաք եւ հաւատարմագիրին արժանացած լիբանանեան 10 դպրոցներու տնօրէնները։

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ հաւատարմագիրի ստանձման յաջորդած իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց այս գործընթացին առնչակից բոլոր կողմերուն, առանց որոնց հաւաքական ճիգին դժուար պիտի ըլլար հասնիլ այս իրագործումին։ Երկու տարի առաջ, երբ CELF Label-ը շնորհուեցաւ Մեսրոպեան վարժարանին, մենք արդէն որոշեցինք ջանք ու եռանդ չխնայել ձեռք բերելու համար FrancEducation Label-ը, ըսաւ պարոն Գալուստ։ Ատիկա հնարաւոր դարձաւ առաջին հերթին այն կարեւորութեան շնորհիւ, որ մենք կու տանք FrancEducation Label-ին՝ հաշուի առնելով անոր կենսական դերը մեր աշակերտներու լեզուական մակարդակի բարձրացման գործին մէջ, դիտել տուաւ ան: Այս ամէնը ձեռք բերուեցաւ ի հեճուկս այն բազում դժուարութիւններուն եւ ծանրագոյն տագնապներուն որոնցմէ կ՛անցնի Լիբանանը,  քանի որ մենք կը հաւատանք մեր կրթական առաքելութեան՝ մեր սիրելի երկրին մէջ եւ քանի որ կը ցանկանք զայն շարունակել՝ վասն մեր աշակերտներու յառաջդիմութեան, եզրափակեց Մեսրոպեանի տնօրէնը։

LabelFranceducation -ը պաշտօնական միջազգային հաւատարմագրում (accréditation) է, որ դիմորդ դպրոցներուն կը շնորհուի Ֆրանսական կառավարութեան կողմէ, Արտասահմանի մէջ ֆրանսական կրթութեան գործակալութեան միջոցով։

Հաւատարմագրման համար, դպրոցները պէտք է համապատասխանեն շարք մը խիստ չափանիշներու․ օրինակ՝ ուսուցիչները պէտք է ունենան բարձր որակաւորում, դպրոցը պէտք է ունենայ զարգացման ուժեղ ծրագիր եւ յանձնառութիւն՝ որակեալ կրթութեան նկատմամբ։ Անիկա պէտք է մասնակցի ֆրանսերէնի պաշտօնական քննութիւններու եւ պէտք է ապահովէ այնպիսի միջավայր, որ հետաքրքրութիւն կը ներշնչէ ֆրանսական մշակոյթին նկատմամբ:

Ներկայիս, Լիբանանի մէջ 30 դպրոցներ ունին Label FrancEducation հաւատարմագիր, ամբողջ աշխարհի մէջ՝ 523․ Մեսրոպեանը միակ հայկական դպրոցն է՝ անոնց շարքին։ 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի
spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին