Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Լիբանանահայ Դպրոց

Մեսրոպեանի Անձնակազմը Շնորհաւորաակն Այցելութիւն Մը Կատարեց Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս Իա․ Կաթողիկոս Պատրիարքին

27 Հոկտմեբեր 2021-ին, Հայ կաթողիկէ տեսչական եւ ուսուցչական կազմերը ներկայացնող պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի եւ ընկերակցութեամբ հոգեւոր տեսուչ Արժ․ Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեանի, այցելեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ․ կաթողիկոս պատրիարքին եւ զայն շնորհաւորեց այդ պաշտօնին ընտրութեան առիթով։

Այցելութեան առիթով, պարոն Կրէկուար Գալուստ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ նորընտիր պետը իրազեկեց Մեսրոպեան վարժարանի ընթացիկ տարեշրջանի աշխատանքներուն եւ իրավիճակին մասին, վստահեցնելով, որ վարժարանը հաւատարմօրէն կը շարունակէ իր հիմնադիր հայրերուն բացած ուղին՝ հայ սերունդներու քրիստոնէական, հայեցի եւ համամարդկային դաստիարակութեան ուղղութեամբ։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը բարձրօրէն գնահատեց Մեսրոպեանի անձնակազմին նուիրական եւ բոլորանուէր աշխատանքը, յատկապէս այն դժուարին պայմաններուն մէջ, որոնցմէ կ՛անցնի Լիբանանը ներկայիս։ Ան յոյս յայտնեց, որ տարբեր ասպարէզներու մէջ փայլուն մասնագէտներու պատրաստութեան դարբնոցը ըլլալուն զուգահեռ, Մեսրոպեանը նաեւ ծնի քահանայական կոչումներ, որոնց այնքան պէտք ունի Հայ եկեղեցին եւ հայ ժողովուրդը՝ ամբողջ աշխարհի տարածքին։

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի
spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին