Չորեքշաբթի, 24. 04. 2024

spot_img

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի Աղջիկները Փինկ Փոնկի Լիբանանի Ախոյեան

ՀԲԸՄ- ՀԵԸ   Անդրանիկ Պէյրութի տղաքը  Լիբանանի փինկ փոնկի   Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը շահելէ քանի մը   օր ետք, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի աղջիկները կրկնապատկեցին տղոց յաջողութիւնը, շահելով աղջկանց  տիտղոսը:

 Մրցումները   ընթացան  Լիբանանի փինկ փոնկի  ֆետերասիոնին  հովանաւորութեան տակ, Մոն Լա Սալի մէջ:  Ախոյեանութեան տիտղոսին համար պայքարեցան   չորս խմբակներու  բաժնուած  տասն   եւ երկու  խումբեր (իւրաքանչիւր խմբակ՝  երեք  խումբ): Խմբակներուն գլխաւոր երկու  դիրքերը գրաւող կազմերը անցան  քառորդ աւարտականի  փուլը:

 Մեր աղջիկները գրաւեցին իրենց խմբակին առաջին դիրքը: Անոնք  քառորդ աւարտականին՝  3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Ալ Ռիատի Պաապտան, իսկ  կիսաւարտականին՝ 3-0 արդիւնքով ՀՄԸՄ Պէյրութը:

Աւարտական մրցումին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ  Պէյրութ՝ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց  Ահլի Սայտան եւ  արժանաւորապէս շահեցաւ ախոյեանութեան տիտղոսը:

  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ  բոլոր   միութենականներուն անունով  կը շնորհաւորենք  ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկ  Պէյրութի կազմը ներկայացնող մարզուհիներ   Մարիանա Սահակեանը,  Թալիա եւ  Լեթիսիա Ազար  քոյրերը,  խումբին մարզիչ Մելիք   Ալ Թաուիլը եւ վարչական  պատասխանատու՝ Սահակ Պիտինեանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին