Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Աշխարհի Նոր Համակարգ (New World Order)

Տեսակէտ

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Ներկայիս ականատես ենք աշխարհի մեծագոյն խորիմաստ ընկերվարական-ժողովրդավարական ապրելակերպի փոփոխութիւններուն, որոնք կը ծառանան մեր աչքերուն առաջ:

Աշխարհի մէջ, հիւսիսային, հարաւային, արեւմտեան թէ արեւելեան երկիրներու մէջ անխտիր, միլիոնաւոր ժողովուրդներու, նորաստեղծ երկիրներու կամ շրջաններու մէջ, թափ առած են նորանոր շարժումներ, գաղափարախօսութիւններ եւ ժողովուրդներու տարօրինակ եւ զանազան պահանջքներ, որոնք առաջատարը եղան ներկայ պատմութեան մէջ: Այսպիսի լայնածաւալ եւ փոթորկալից ժողովրդային շարժումներ բացայայտօրէն բազմակողմանի եւ հակասական հետեւանքներ թողուցին իրենց անկախութեան, ժողովրդավարութեան եւ ընկերային-հասարակական արդարութեան ձգտումի միտումին:

Որպէս հետեւանք, համայն աշխարհի բնակչութեան ժողովրդավարութեան գաղափարը դարձաւ զօրաւոր հասարակական-քաղաքական ոյժ: Միաժամանակ, արդի գիտական եւ արուեստական յեղափոխութիւնը բոլորովին յեղաշրջեց տնտեսական, կենսական, բնական, հաղորդակցական եւ ժողովրդական հարցերը, որոնք մինչեւ այսօր մենք կ՝ընդունէինք որպէս շրջանային կամ ազգային հարցեր, զանոնք վերածելով համաշխարհային հարցերու:

Հաղորդավարական ընկերութիւններու (մամուլ, հեռուստատեսիլ, հեռախօս եւ այլ հաղորդակցական միջոցներու) եւ ճամբորդական միջոցներու հեշտացման եւ արագացման շնորհիւ, այդ բոլորը այսօր դարձան տեսանելի եւ շօշափելի: Իսկ միջազգային հաղորդակցութիւնը, դարձաւ առաւել հեշտ քան երբեք, ակնթարթի արագութեամբ:

Աշխարհի ժողովուրդներու անհատնում եւ անդադար բազմացումը, նոյնիսկ դարերու ընթացքին, եղած է աշխարհի մեծագոյն մտահոգութիւնը:

Պատմութեան մէջ, դարերու ընթացքին, եղած են հզօր ազգեր որոնք փորձած են զսպել աշխարհի բնակչութեան աճը պատերազմներու միջոցաւ: Սակայն նման ջանքեր ապարդիւն եղած են միջոցներու անբաւարարութեան պատճառով, այդպիսով կործանելով անոնց նպատակները եւ այնուհետեւ՝ իրենց գերակայութիւնը: Սակայն «միտք բանին» տակաւին արթուն է մինչեւ այսօր, տարբեր անուանակոչումներով, ծրագիրներով, հետապնդումներով եւ աշխատանքներով:

Աշխարհի նոր համակարգը անուանումը, տարբեր կոչումներով եւ նպատակներով, կը վերագրուի պատմական այնպիսի ժամանակաշրջանի մը ուր աշխարհի քաղաքական մտածելակերպը եւ քաղաքական ոյժի կշիռը թատերական փոփոխութիւններու ենթարկուեցաւ, մանաւանդ համաշխարհային առաջին պատերազմէն ետք: Աշխարհի նոր համակարգի գաղափարը ծնունդ առած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իշխանութեան ժամանակ, համաշխարհային պատերազմի օրերուն եւ իրմէ ետք, Հէրրի Թրումընի ժամանակ, «համայն աշխարհի կառավարում», «ուժերու համակշիռ», «ազգերու խմբակցութիւն», անուանց ներքեւ, որմէ տարիներ եւ համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք, 24 Հոկտեմբեր 1945-ին, Միացեալ Նահանգներու Սէն Ֆրէնսիսքօ քաղաքին մէջ հիմնուեցաւ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութիւնը, կեդրոն ունենալով Նիւ Եորք քաղաքը, յուսալով որ ան պիտի լուծէր կացութեան թնճուկը:

Սակայն ՄԱԿ-ը, իր գոյութեան տարիներու ընթացքին,  չկարողացաւ գոհացում տալ այն նոյն գաղափարախօսութեան, դառնալով անզօր, գրեթէ բարեսիրական եւ խորհրդատու կազմակերպութիւն, հեռանալով աշխարհի մէկ նոր հրամայականի գաղափարի կիրարկումէն:

Նախագահներ՝ Քէնէտիի եւ Նիքսընի օրով, նոյն գաղափարախօսութիւնը անյաջող կերպով կրկին արծարծուեցաւ հասնելով նախագահ Ճորճ Պուշի (հայր Պուշի) իշխանութեան ժամանակ, որուն առաջին փորձարկութիւնը տեղի ունեցաւ Իրաքի մէջ: Անշուշտ համայն աշխարհ տեղեակ է «արաբական գարուն»ի, «ժողովրդավարական» յեղափոխութիւններուն, «երկիրներու բռնատէրերու» վտարման կամ վերացման հետեւանքներուն, որոնք կը միտէին աշխարհի նոր հրամայականի մը ստեղծումն ու հաստատումը:

Բայց, որո՞ւ կամ որո՞նց գլխաւորութեամբ կամ ղեկավարութեամբ:

Միացեալ Նահանգներու կարգ մը նախագահներ դէմ էին սոյն գաղափարին: Ռապըրթ Քէնէտին, որ չկարողացաւ նոյնիսկ ամբողջացնել իր պաշտօնէութեան ժամանակաշրջանը, Ռիչըրտ Նիքսըն, որը պարտաւորուեցաւ իշխանութիւնէ հրաժարիլ շինծու մեղադրանքէ մը ետք, եւ Ռանըլտ Ռէկըն, որուն վրայ կատարուած մահափորձը իրեն ազդանշան եղաւ հրաժարելու համար իր կեցուածքէն,  իսկ վերջինը՝ Տանըլտ Թրամփն էր,  որուն երկրորդ գահակալութեան փորձը ձախողեցաւ եւ մինչեւ այսօր կը հալածուի:

Իսկ Սովետական միութեան ծնունդը շատ հաւանաբար փորձ մըն էր տարուած նոյն ուղղութեամբ, որը դիմանալով մօտ 70 տարի, ունեցաւ դժբախտ վախճան իր վերջին ղեկավարին՝ Միխայիլ Կորպաչեւի ժամանակ, համաձայնութեամբ՝ ազգերու ղեկավարներու հետ, կիրարկելու համար աշխարհի նոր համակարգ մը, այդպիսով վերջ տալով մահամերձ սովետ միութեան:

«Համաշխարհայնացումի», «աշխարհի նոր համակարգի», «ՄԱԿ»-ի, «ծածուկ ամբողջատիրական աշխարհի կառավարութեան» կամ այլ զանազան կոչումներով այս գաղափարախօսութիւնը այսօր ունի նաեւ ընդդիմադիր ճակատ, որ չի փափաքիր ենթարկուիլ օտարի լուծին, որեւէ տուեալ պարագային:

Շատեր կը կոչեն զայն սատանայական ծրագիր որ պիտի ոչնչացնէ աշխարհի բնակչութեան մեծ մասը «հաստատուն բարեկարգման» անուան տակ մինչեւ 2030 թուական, նկատի ունենալով (The Rockefeller lockstep 2021) ծրագիրը, որուն կողմնակից եւ մասնակից են այլ մեծահամբաւ եւ մեծահարուստ հաստատութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ անձիք: Իսկ ամենավտանգաւոր կացութեան մէջ կը գտնուին այսօր փոքր երկիրներ, որոնք տակաւին կը ծառանան պահելու իրենց ազգային արժէքներն ու լեզուն եւ կը պարտադրուին մշակոյթներու եւ լեզուներու ձուլման, զանազան հրապուրելի կամ պարտադիր միջոցներով եւ առաջարկներով: Մերժումի կամ դիմադրութեան պարագային՝ զանոնք մղելով ներքին խռովութիւններու եւ պատերազմներու մէջ մխրճման: Կը մաղթենք եւ կ՝աղօթենք որ մեր հայրենիքը զերծ մնայ նման վտանգներէ եւ պահենք մեր դարաւոր գոյութիւնը, մշակոյթն ու լեզուն:

Աշխարհի Նոր Համակարգի գաղափարը կամ ծրագիրը ունի հաւատքի երկու երես նման բոլոր յղացուած վերոյիշեալ գաղափարներուն: Լաւին ու վատին: Ժողովուրդին համար մէկ բան յստակ չէ տակաւին, թէ ան, այս խաբկանքով ստրո՞ւկ պիտի դառնայ նոր համակարգին թէ՝ պիտի վարէ բնականոն աւելի հանգիստ ու խաղաղ կեանք: Սակայն կամակատար դարձած ժողովուրդ մը, գիտակցաբար թէ ոչ, ոչխարներու հօտի նման պիտի հետեւի հովիւի կանչին, որուն օգնական պահապան շուները կարգ ու կանոնի մէջ կը պահեն իր հօտը: Պատմութիւնը վկայ է բոլոր այն կայսրութիւններուն, որոնք կը ձգտէին նման երազանքներու իրականացման: Այսօրուան «կայսրերը» սակայն օժտուած են զանգուածային կարողութիւններով, որոնք ի գործ կը դրուին արդէն եւ հարկ եղած պարագային, իրենց ծրագիրներու իրականացման համար:

Այսօր բեմահարթակ իջած հաղորդակցութեան նորանոր ո՞ր միջոցներու գովասանքներուն կամ յորդորներուն հաւատանք, թե՞ր թէ՝ դէմ, տակաւին տարակուսանքի մէջ ենք:

Քորոնայի սրսկումներու հետ առնչուած հրապուրիչ ու խոստմնալից առաջարկներո՞ւն հաւատանք, որոնք մեզ կը տանին «Նոր Հրամայականին», (ըստ տեղեկութիւններուն), թէ՝ զգոյշ վարուինք եւ մտիկ տանք այս բոլոր իրադարձութիւններու հակասող տեղեկութիւններուն:

Սպասենք մինչեւ 2030-ը՞, …. ողջ մնանք ու տեսնենք:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին