Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Խնկօ Ապէր

Խնկօ Ապէր (Աթաբէկ Խնկոյեան, 19 Հոկտեմբեր 1870,  Խնկոյեան, Հայաստան – 8 Հոկտեմբեր 1935, Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, ԱԽՖՍՀ, Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւններու Միութիւն), մանկագիր, թարգմանիչ, մանկավարժ, առակագիր։

Ծնած է Ղարապոյա (այժմ՝ Սպիտակի շրջանի Խնկոյեան գիւղ)։ Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի, ապա Ալեքսանդրապոլի մէջ (այժմ՝ Կիւմրի)։

1890-1910 թուականներուն, կը վարէ ուսուցչութեան պաշտօն՝ Անդրկովկասի զանազան հայաշատ վայրերու մէջ, ապա կը հաստատուի Թիֆլիս, կ’աշխատակցի «Հասկեր» մանկական ամսագիրին, ինչպէս նաեւ «Մաճկալ», «Աշխատաւոր» եւ այլ պարբերականներու, շարունակելով ուսուցչական աշխատանքը Ստ. Լիսիցեանի գիշերօթիկին եւ քաղաքային պետական դպրոցին մէջ։ Սովետական իշխանութեան հաստատումէն ետք մշտական բնակութիւն կը հաստատէ Երեւանի մէջ, ուր գրական-մանկավարժական եռանդուն աշխատանք կը ծաւալէ, կը կազմէ մայրենի լեզուի դասագիրքեր՝ «Մեր Դպրոցը», իսկ խորհրդային տարիներուն՝ «Կարմիր Արեւ»ը։ Կը հեղինակէ մանկական բազմաթիւ եւ բազմազան գործեր՝ բանաստեղծութիւններ, հեքիաթներ, առակներ, պատմուածքներ։ Կը կատարէ՝ այլ մանկական գրականութիւններէ, թարգմանութիւններ ու փոխադրութիւններ։

Վախճանած է 6 Հոկտեմբեր 1935-ին, թաղուած Երեւանի Կոմիտասի անուան Զբօսայգիի Պանթէոնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին