Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Մինչեւ Ո՞ւր Կրնայ Հասնիլ Անպատասխանատու եւ Ինքնակեդրոն Պահուածքը

Կուսակցական հանգամանք կեղծող խմբակ մը, որուն գլուխը անցած է ինքզինք ատենապետ հռչակած մարդուկ մը, որոշ շրջանէ մը ի վեր այցելութիւններ կը փորձէ տալ աջ ու ահեակ, իր միտքի խեղճութեամբ  ու գաղափարական սնանկութեամբ աւելի եւս վարկաբեկելով ու ծիծաղի առարկայ դարձնելով ոչինչ ներկայացնող իր գոյավիճակը:

Որոշած էինք կատարուած իւրաքանչիւր խեղկատակութեան չհակադարձել, նախ յարգելով մեր կուսակցութիւնը, նաեւ կարեւորութիւն չտալու համար առանց այս ալ ինքնահաստատման խնդիր ունեցող, երեւակայածին վիճակի հաւատացող, ինչպէս նաեւ ընկերահոգեբանական բարդոյթներ ունեցող մարդկանց:

Վերջերս սակայն դէմ յանդիման գտնուեցանք անհանդուրժելի պարագայի մը, որուն մասին լուռ մնալը անարդար պիտի ըլլայ ու վատ տպաւորութիւն պիտի ստեղծէ ո՛չ միայն ՌԱԿ-ի կամ Լիբանանի Հայ համայնքին մասին, այլ նաեւ անարդար պիտի ըլլայ Մայր Աթոռ Ս. էջմիածնի եւ Հայրենի պետութեան նկատմամբ:

Արդարեւ, վերոնշեալ ինքնահռչակ «ատենապետ»ը հարցազրոյց մը տուած է հայաստանեան 1in.am կայքին (որ ի դէպ առաջին անգամը չէ, որ դիտմամբ, թէ անգիտակցաբար բեմ կու տայ նշեալ անշնորհքին): Հարցազրոյցին մէջ, որ հրապարակուած է կայքին աշխատակից՝ Յասմիկ Մարտիրոսեանին հեղինակութեամբ, այսպէս կոչուած ատենապետը լիբանանահայութեան անունով կը կշտամբէ Հայրենի իշխանութիւնները անոնց անհամեստաբար մուննաթ ընելով, որ լիբանանահայութիւնը միշտ աջակցած է հայրենիքին:

Մուննաթէն բացի, ան իր զրոյցին մէջ դիտումնաւոր, պատուէրով, թէ անգրագիտութեան եւ տեղեկութեան պակասի պատճառով արձակած է անարդար սլաքներ Ամենայն Հայոց Հայրապետին, Հայրենի իշխանութիւններուն ու «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին դէմ, թէ անոնք ինչո՞ւ նեղի մատնուած Լիբանանի Հայ համայնքին ֆինանսապէս օգնելը տակաւին չեն ծրագրած: Փոխարէնը ան փառաբանած է Արամ Ա. Կաթողիկոսին այս ուղղութեամբ կատարած նախաձեռնութեան համար:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեանս համար զարմանալի չէ, որ ինչպէ՞ս այսօրինակ ապակառուցողական եւ ապաշնորհ մարդիկ եւ լրատուական միջոցներ իրար կը գտնեն: Սակայն շատ կարեւոր է մեզի համար, Աստուծոյ ու  մեր ժողովուրդին առջեւ եւ պատմութեան համար հաստատել, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Լիբանանի ներկայ արհաւիրքի օրերուն քանի մը անգամ ֆինանսական օգնութիւն փութացուցած է լիբանանահայ ընտանիքներու եւ կառոյցներու, թէ՛ Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին ըրած իր փոխանցումով եւ թէ՛ Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին ճամբով: «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը, ոչ թէ ըստ հարցազրոյցը տուող ապաշնորհ էակին, «որոշ տեղեկութիւններով, արդէն իսկ քայլեր կը նախաձեռնէ այս ուղղութեամբ», այլ դարձեալ քանի մը անգամ ֆինանսական միջոցներով մատակարարած է լիբանանահայ հաստատութիւններուն ու ժողովուրդին: Ինչ կը վերաբերի Հայրենի պետութեան, մենք եւ լիբանահայութիւնը իր բաղկացուցիչ բոլոր տարրերով ինչպէս նաեւ Լիբանանի պետութիւնը կրնան վկայել, որ Հայրենի պետութիւնը Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Պրն. Վահագն Աթաբէկեանին ջանքերով եւ միջոցաւ շուրջ մէկ միլիոն տոլարի օգնութիւն (որուն խորհրդանշականօրէն մասնակցած էր նաեւ Արցախի ժողովուրդը) տրամադրած է ո՛չ միայն Լիբանանի հայ համայնքին, այլ երախտագիտական ազնիւ քայլով  մը՝ Լիբանանի տառապեալ ժողովուրդին եւս:

Սոյն յայտարարութիւնը նաեւ ազնիւ մաղթանք մըն է լրատուական միջոցներուն, որ ի սէր իրենց իսկ վարկին, Լիբանանի Հայ համայնքին մասին տեղեկութիւններ տուող իրենց հիւրերը աւելի բծախնդրութեամբ ընտրեն, չշրջանցելով նաեւ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը, որուն տեղեկութիւնները բնականաբար աւելի հաւաստի են, առարկայական  ու անաչառ:

Կը մնայ յիշեցնել լրատուական միջոցներունն ու հայկական հաստատութիւններուն, զգոյշ ըլլալ վերոյիշեալ խմբակէն, որուն անպատասխանատու եւ ինքնակեդրոն պահուածքը հատած է ամէն չափ ու սահման, այս պատճառով ալ իրենց դէմ մեր կողմէ արդէն իսկ յարուցուած է իրաւական համապատասախան միջոցառումներ:

Ի դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

ԱՐՄԷՆ ՎԱՅԷՃԵԱՆ/Ատենադպիր  ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ/Ատենապետ

                                                                      18 Սեպտեմբեր 2021  
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին