Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Մինչ Կառավարութեան Կազմութիւնը Տակաւին Կը Յամենայ. Հացի Նոր Տագնապ

Հացի նոր տագնապ մը երեւելի պիտի դառնայ Լիբանանի մէջ։ Այս նիւթին մասին լիբանանեան ԷՄ.ԹԻ.ՎԻ կայանը ըստ «Արեւելք»ին, հարցազրոյց մը կատարած է  Փուռերու սենտիքայի նախագահ՝ Ալի Իպրահիմին հետ։ 

Իպրահիմ մասնաւորապէս ըսած է, որ մազութի սուր պակասին հետեւանքով այսօրուընէ սկսեալ Թրիփոլի քաղաքի բոլոր փուռերը պիտի մնան փակ նշելով, որ եթէ իրավիճակն այս հունով շարունակուի ապա յառաջիկայ օրերուն հացի տագնապը երեւելի պիտի ըլլայ ամբողջ Լիբանանի մէջ։

Յիշեցնենք, որ մինչ կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուշանայ, Լիբանանի տարածքին առկայ վառելանիւթի սուր տագնապը իր ազդեցութիւնը կը գործէ ոչ միայն սնունդի այլ նաեւ երկրի առողջապահական ոլորտին վրայ։ 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին