Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Վերամուտեան Մտահոգութիւններէն՝ Մանկականը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

«Պապիկ դուն բարեւ կ՛ըսես, թէ ո՛չ պարեւ.»- ըսաւ հնգամեայ թոռնուհիս՝ Վանան, հայկական վարժարանի առաջին օրուան աւարտէն իր տուն վերադարձին, երբ տակաւին պաջիկներ եւ կարօտագին գրկնդխառնումներ չփոխանակած:

Իմ կարգիս, հակառակ անոր որ օրերս կապած էի առօրեայ մտահոգութիւններուս, սակայն առաւօտէն սկսեալ, անհամբեր իր վերադարձին կը սպասէի այն նոր ու ինքնածին երեւոյթով մը, որ հին օրերուս գեղեցիկ թարմացումը պիտի վերապրէի:

Անկեղծօրէն, կ՛ուզէի տեսնել, թէ իր դպրոց յաճախելուն իբրեւ արդիւնք, արդեօ՞ք իր «ակռաներն ալ ոսկի եղած էին» թէ ոչ:

Անոր համար էր, որ զինք կը սպասէի մեծ անձկութեամբ: Եւ ահա այս հարցումը, որ զիս մեծապէս զարմանքի կը մատնէր: Ահա քեզի անակնկալ վերապրում:

Անմիջապէս նայեցայ դէմքին: Աչքերուն շարժումները քննեցի: Ժպիտը փորձեցի բացատրել: Գիտէի, որ երեւոյթը գեղեցիկ էր, որովհետեւ թոռնիկս հետս հայերէն կը խօսէր, համարձակ նոյնքան ալ ազատ:

Սթափեցայ ու ըսի.- «ես բարեւ կ՛ըսեմ»:

-«Օքէ~յ.- ըսաւ արագ մը, ուրեմն դուն իմ խումբէս ես»:

Սկիզբը բան չհասկացայ: Թէեւ տարօրինակ գտած էի այս պատասխանը, սակայն չփորձեցի զայն վերլուծել: Բայց երբ կրկին շեշտեց, թէ ես իր խումբէն էի, ահա այդ վայրկեանին զգաստացայ:

Ի՞նչ խումբի մասին էր խօսքը:

Յիշեցի, որ դպրոցէն ներս, ծնողներու նախընտրութեան համաձայն նոյն կարգի աշակերտները կը բաժնուէին երկու խումբերու՝ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի:

Ահա՛, Վանային մատնանշած խումբը: Ինք արեւելահայ խումբին կը պատկանէր: Ու ի~նչ ուրախութիւն,- ես ալ հիմա իր իսկ որոշումով իր խումբին կը պատկանէի:

Ի~նչ ցնծութիւն, թէ իրեն եւ թէ ինծի համար:

Պապիկ եւ թոռնիկ նոյն խումբին մաս կը կազմէին: Օ~հ, ներողութիւն՝ Վանային համաձայն՝ պապիկն էր, որ մաս կը կազմէր իր թոռնիկին խումբին:

Հոգ չէ: Փորձեցի անմիջապէս համբուրել ճակատը, երբ քանի քայլ հեռու կենալով

շատ համարձակ ըսաւ.-

-«Ինչո՞ւ պապիկ, ինչո՞ւ խումբ կայ»:

Իր մանուկ միտքը այսչափ կրցած էր արտայայտել:

Կասկածը տեղին ըլլալու էր, որովհետեւ ինք եւ իր նմաններն ու տարեկիցներ իրարու հետ անգլերէն լեզուով էր, որ հաղորդակցէին, կը խօսէին, կը խաղային:

Անգլերէնը, նոյնիսկ իրենց այս տարիքին, արդէն տիրապետած ու ընկալած էր իրենց մտապաշարն ու լեզուն, բառերն ու խօսակցական միջոցները: Հայերէնը պապիկին ու նանիյին հետ խօսելու լեզուն էր: Ինք կ՛ուզէր Էմէլիային դասարանը նստիլ: Անոր քովը: Չէ որ միշտ միասին կը խաղային : Միասին «փարք» հանրային պարտէզ կ՛երթային: Ծնողները միասին «փիքնիք» ալ կ՛ընէին: Ոչ միայն իրեն, այլ նաեւ ինծի համար ալ հարցը բաւական լուրջ էր:

Վայրկեանին կը կարծէի, որ հայոց պատմութեան ձայնն էր, որ կը լսէի:

Վանան հաւանաբար մինչեւ տուն վերադարձին, երկար մտածած ըլլալու էր այս մասին ու առանց նախաբան մը ընելու մտահոգութիւնը շպրտած էր երեսիս:

Նայեցայ դէմքին: Տակաւին հարցումը անկէ կախուած կը մանր ու ինձմէ պատաս-խանի մը կը սպասէր: Պատասխան մը, որ գոհացում տար իր այս մեծ «մտմտուքին»:

Կը զգայի, որ իր փոքրիկ ուղեղը հիմա անտէր հայելի մըն էր, անկէ անմեղ պատ-կերներ կ՛անձրեւէին իր հոգիին մէջ:

Բաց թուղթի մը նման նաեւ կը տեսնէի անոր հոգին: Ի՞նչ պէտք էր, որ պատասխանէի:

Բայց ի՞նչ ձեւով բացատրէի: Ըսէի, որ մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ընթացքին ճակատագիրը մեծ դեր ունեցած էր իր կեանքին մէջ:

Ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ բառերով ներկայացնէի մեր ժողովուրդին այս չնախատեսուած երեւոյթը: Մեր՝ պատմական անարդարութեան եւ քաղաքական ոճիրի արդիւնք կեանքը: 

Ինչպէ՞ս պարզէի հայ ըլլալու եւ մանաւանդ հայ մնալու ողբերգութիւնը, այս անմեղ աղջկան:

Ու հիմա.- «Պապիկ ինչո՞ւ երկու լեզու»:

Կեանքի հեգնանքէն ծնած էր այս հարցումը: Ինչպէ՞ս բացատրէի:

Իսկապէս, որ ինծի ալ անժամանակ մշուշ մը պատած էր գիտակցութիւնս, ու քրտինք բերած էր ճակտիս:

Կրկին նայեցայ դէմքին: Մեր աչքերը այս անգամ տարբեր կերպով իրար հանդիպեցան: Իրը՝ անհամբերութեամբ լեցուն էր, իսկ իմս՝ մտահոգութեամբ:

Ինք անհանդարտ էր. ես՝ մտահոգ եւ լուռ:

Ինք նոր ժամանակներու նոր հայութիւնն  էր ինծի համար ու այսօր դպրոցի առաջին օրուան առաջին իսկ վայրկեանին իր խաղաղ ուղեղի լճակին մէջ ալիք մը ծնած էր, որ կամաց կամաց մագլցող հետաքրքրութեամբ ու նոյն աստիճանաչափով մագլցող ակնկալութեամբ, վերածուած էր անհանդարտ հովի մը:

Կը մտածէի ինչպէ՞ս կարելի պիտի ընէի իր մտքին անկիւնը նստած կասկածը փառատել:

Ազգովին հմտութենէ կը տառապինք: Ահաւասիկ ուրիշ ողբերգութիւն մը, որովհետեւ այս օրերուն ըսուածը պայմանաւորուած է վկայականով:

Վանան անգիտակցաբար իր իսկ այս հարցումով, մտածումներուս առաջ փռած էր հայ լեզուի ու ինքնութեան հարցը: Աւելին՝ այս կարճ հարցումը իր  հետ բերած էր հայ հողին անփոխարինելիութիւնը, մեր լեզուին տագնապը, մտածելու եւ գործելու մեր կարողութիւնն ու անկարողութիւնը եւ վերջապէս ազգային գիտակցութիւնը:

Ազգը ճանչնալու միջոցը: Այլ խօսքով՝ խոր դժբախտութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին