6 Սեպտեմբեր – 7 Սեպտեմբեր 1955-Ին Պոլսոյ Մէջ Պատահած Եւ Յոյներու Ու Առհասարակ Երկիրին Փոքրամասնութիւններուն Ուղղուած Աւերի Ու Թալանի Շարժում
1955-էն սկսեալ թուրքիոյ Ժողովրդավարական կուսակցութեան (1946) կազմած կառավարութիւնը տնտեսական հետզհետէ ծանրացող կացութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուէր։ Յատկապէս բարձր սղաճին պատճառով կորսնցուցած էր ժողովուրդին վստահութիւնը։ Կասկածելի միջոցներով կը փորձէր լռեցնել ընդդիմութիւնը, ինչ որ պատճառ կը դառնար, որ մամուլը, մտաւորականները եւ ուսանողները երես դարձնեն Ժողովրդավարական կուսակցութենէն: Օրինակ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ զեկոյցին համաձայն, դէպքերէն 15 օր առաջ, ընդդիմութիւնը հսկողութեան տակ առնելու նպատակով, որոշուած էր 7 Սեպտեմբեր 1955-ին պարէտային ժամ հռչակել Պոլսոյ, Անքարայի ու Իզմիրի մէջ: 1956-ին ընդդիմութիւնը ճնշելու նպատակով Մամլոյ եւ հաւաքներու մասին օրէնքին մէջ կատարուած սահմանափակումներն ալ մեծ մասամբ պատճառաբանուած են 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերով: Վարչապետ Ատնան Մենտերեսի կառավարութեան սկզբնապէս փոքրամասնութիւններուն ուղղեալ ազատական քաղաքականութիւնը հետզհետէ դժուարացող տնտեսական պայմաններուն զուգահեռ կը փոխուի եւ յարաբերութիւնները կը լարուին:
1955-ին Կիպրացի թուրքերուն դէմ կատարուած ճնշումները Թուրքիոյ օրակարգին առաջին կէտն էր ։ «Հիւրրիյեթ» թերթը, առաջին էջին վրայ կը գրէր, թէ Պոլսոյ յունական համայնքը հանգանակութիւն կը կատարէ եւ այդ գումարները կը փոխանցէ կիպրացի յոյներու ԷՆՈՍԻՍ զինեալ կազմակերպութեան: Արտաքին գործոց նախարարութեան իրաւասուները, երբ Լոնտոնի մէջ կը շարունակէին իրենց բանակցութիւնները կիպրական նիւթին վերաբերեալ, 6 Սեպտեմբեր 1955-ին, ժամը 13։00-ին, ձայնասփիւռի լուրերով կը յայտարարուի, թէ Աթաթիւրքի Սելանիկի տան մէջ ռումբ մը պայթած է։ (Սելանիկի համալսարանի քաղաքագիտութեան բաժինի ուսանող Օքթայ Էնկին, որ ըստ պնդումներու ռմբակոծած էր Աթաթիւրքին տունը, աւելի վերջ դատապարտուած է ի բացակայութեան: Օքթայ Էնկին 22 Փետրուար 1992-18 Սեպտեմբեր 1993 թուականներուն միջեւ նշանակուած է Նեվշեհիրի կուսակալ)։
Ժողովրդավարական կուսակցութեան համախոհ «Իսթանպուլ Էքսփրես» թերթը, որուն արտօնատէրն էր Միթհատ Փերին, իսկ խմբագիրը՝ Կէօքշին Սիփահիօղլու, երկրորդ հրատարակութիւն մը կատարած է նոյն օրը՝ «Մեր Աթային տունը ռմբակոծուեցաւ» խորագիրով։ Թերթին տպաքանակը ընդհանրապէս 20 հազարի շուրջ էր, սակայն 6 Սեպտեմբերին հրատարակուած է 290 հազար տպաքանակով։ «Կիպրոսը թուրք է» միութեան անդամները թերթը կը վաճառէին Պոլսոյ մէջ ու զայն կ՚օգտագործէին խուժանի հրահրելու նպատակով:
Նոյն թիւին մէջ «Կիպրոսը թուրք է» միութեան ընդհանուր քարտուղար Քամիլ Էօնալ գրած էր․ «Հաշիւ պիտի պահանջենք անոնցմէ, որոնք ձեռք կ’երկարեն սրբութիւններուն։ Որեւէ անպատեհութիւն չենք տեսներ այս մասին հրապարակաւ յայտարարելէ»:
«Կիպրոսը թուրք է» միութեան նախաձեռնութեամբ եւ երիտասարդական այլ կազմակերպութիւններու, արհեստի միութիւններու, Ժողովրդավարական կուսակցութեան, պաշտօնական կամ անպաշտօն մարմիններու թելադրանքով ու խրախոյսով բնիկ հասարակութիւնը եւ այլ վայրերէ քաղաք բերուած զանգուածները 6 Սեպտեմբերի երեկոյեան կ’իրականացնեն աւերումի, քանդումի ու թալանի գործողութիւն մը, որ աննախադէպ էր Թուրքիոյ հանրապետական շրջանին պատմութեան մէջ։
Առաջին յարձակումը կը կատարուի ժամը 19։00-ի շուրջ, Շիշլիի «Հայլայֆ» ծաղարանին վրայ: Այնուհետեւ ստուարացող խուժանը անցնելով Քումքափու, Սամաթիա, Ետիքուլէ, Պէյօղլու եւ այլ բազմաթիւ թաղերէ, ուր հաւաքաբար կը բնակէին փոքրամասնութիւնները, կը սկսի յարձակիլ ու թալանել նախ յոյներու, ապա հայերու, հրեաներու, նոյնիսկ սխալմամբ քանի մը թուրքերու պատկանող խանութները։ Պոլսոյ յոյն համայնքին տուներուն, գործատեղիներուն ու աղօթատեղիներուն ուղղեալ այս յարձակումներուն ընթացքին ոստիկանութիւնը կը բռնէ կրաւորական դիրք մը։ Քաղաքին մէջ յատուկ ինքնաշարժներով եւ բեռնակարքերով, ինչպէս նաեւ հանրաշարժներով եւ նաւերով կը փոխադրուին 20-30 հոգինոց կազմակերպեալ խումբերը, որոնք նախապէս գիտէին յոյն քաղաքացիներուն հասցէները։ Մինչեւ 7 Սեպտեմբերի առտուն կը շարունակուին յարձակումները, որոնց իբրեւ արդիւնք, աւերի կ’ենթարկուին աւելի քան 5000 շէնք, ներառեալ եկեղեցիներն ու սինակոկները, միլիոնաւոր տոլար արժողութեամբ ապրանք փողոց կը նետուի ու կը թալանուի:
Պոլսոյ մէջ ամէնուր թալանը կը կատարուի նոյն ձեւով։ Յարձակողները նախ քարկոծելով կը քանդեն փեղկերը, երկաթեայ ձողերը կը բանան յատուկ սարքերու օգնութեամբ, ապա ներսը գտնուող ապրանքը եւ մեքենաները դուրս կը հանեն ու ջարդուփշուր կ’ընեն։
Եկեղեցիներն ու գերեզմանատուները այս բոլորէն կը ստանան իրենց բաժինը։ Եկեղեցիներու սրբապատկերները, խաչերը եւ այլ սպասներ կ’աւերուին։ Կը հրկիզուին Պոլսոյ 73 յունական եկեղեցիները։
Ըստ թրքական մամուլին՝ 11, կարգ մը յունական աղբիւրներու համաձայն ալ 15 հոգիսպաննուած էր։ Ըստ պաշտօնական տուեալներու 30, իսկ ըստ անպաշտօն տուեալներու՝ 300 անձ վիրաւորուած էր։ Ըստ Կիւվենի, բռնաբարութեան ենթարկուած կանանց թիւը, որ պաշտօնական տուեալներով 60 էր, կ’ենթադրուի, որ շուրջ 400 էր, սակայն այդ կիները չեն ուզած խօսիլ այդ մասին՝ վախի կամ ամօթի զգացումէն դրդուած:
Յարձակումի ենթարկուած են 4,214 բնակարան, 1,004 գործատեղի, 73 եկեղեցի, սինակոկ մը, երկու վանք, 26 դպրոց, գործարաններ, պանդոկներ եւ գինետուներ, թիւով՝ 5317:
Կը կարծուի, թէ նիւթական վնասը այդ օրուան արժէքով կազմած է 150 միլիոն-1 միլիառ թրքական լիրա: Ժողովրդավարական կուսակցութեան կառավարութիւնը շուրջ 60 միլիոն լիրա հատուցում վճարած է անոնց, որոնք հաստատած են իրենց կրած վնասը:
Շրջանի մամուլին համաձայն, «բուն յանցագործները յոյներն են, որոնք գրգռած են թուրքերը»։ Յարձակումի ենթարկուած գործատեղիներէն միայն 59 առ հարիւրը կը պատկանէր յոյներուն, իսկ մնացեալ վայրերը՝ 17 առ հարիւրը հայերուն, 12 առ հարիւրը հրեաներուն, նոյնիսկ դաւանափոխերուն եւ իսլամացած սպիտակ-ռուսերուն։ Այս պարագան իսկ կու գայ հաստատելու, թէ կատարուածը կիպրական իրադարձութիւններուն հետեւանքով յոյներուն ուղղեալ փոքր վրէժ մը չէր միայն։
6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն հետեւանքով յոյն համայնքին հետ միասին նիւթական մեծ կորուստներ կը կրեն նաեւ հայերը։ Յարձակման կ’ենթարկուին 1004 տուն, որոնցմէ 150-ը` հայկական, 4214 խանութ-արհեստանոց, որոնցմէ 900-ը` հայկական։ Ուշագրաւ է, որ Պոլսոյ մէջ պատահած իրադարձութիւններուն տագնապը հասած էր նաեւ գաւառահայութեան։ Այդ տարիներուն Ամասիայի Կիւմիւշհաճըգիւղին մէջ բնակող հայ մը կը յիշէ, որ Պոլսոյ դէպքերէն ահաբեկուած մայրը փակ կը պահէր տան դուռը, քանի որ փողոցներուն մէջ շարունակ հակայունական ու հակահայկական կոչեր կը հնչէին:
Արձակագիր Զաւէն Պիպեռեանի գլուխ-գործոցը՝ «Մրջիւններու վերջալոյսը» վէպը, 1970-ականներուն հրատարակուած իբրեւ թերթօն, կը նկարագրէ պոլսահայութիւնը իրեն ենթարկող մթնոլորտին մասին՝ Ունեւորութեան տուրքին ու 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն մասին։
Պոլսահայ արձակագիր ու հրապարակախօս Ռոպէր Հատտեճեան գրելով այս օրերուն մասին, կ՚ըսէ․ «6-7 Սեպտեմբերի պատկերը մղձաւանջ մըն է ինծի համար։ Անիկա թուական մըն է, որ անտեսանելի կերպով արձանագրուած է կեանքիս օրացոյցին մէջ։ Երբեմն ես ինծի կ’ըսեմ. երանի, թէ օրացոյցը 5 Սեպտեմբերէն ուղղակի ցատկէ դէպի 8 Սեպտեմբեր, եւ մղձաւանջը չկարենայ արթննալ այս անգամ։ Բայց ի զուր։ Օրացոյցին վրայ այս երկու թուականները ամէն տարի պիտի յայտնուին անգամ մը»: