Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Թշնամին Կրակ Բացած Է Երասխի Ուղղութեամբ

Երէկ ժամը 11։10-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական ԶՈՒ ստորաբաժանումները հերթական անգամ սադրանքի դիմած են, հրաձգային զինատեսակներէ եւ դիպուկահար հրացաններէ կրակ բանալով հայ-ատրպէյճանական սահմանի Արարատի մարզի, մասնաւորապէս՝ Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, որու հետեւանքով մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի պայմանագրային զինծառայող, 1982 թ. ծնունդ, կրտսեր սերժանտ Գեղամ Սահակեանը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Արեւելք»:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ Գեղամ Սահակեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

ՊՆ-էն յայտնած են, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը խստիւ կը դատապարտէ ատրպէյճանական կողմի գործողութիւնները եւ կը նախազգուշացնէ, որ անոնք անպատասխան պիտի չմնան։ Իրադրութեան սրման ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ’իյնայ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վրայ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին