Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Արցախի Ճանապարհը Կ՛անցնի Գերագոյն Զոհաբերութեան Ընդմէջէն

Այսօր Արցախի Հանրապետութեան 30ամեակն է

Տեսանկիւն

Արցախի Հանրապետութիւնը 30 տարեկան է այսօր:   Ազգերու ինքնորոշման սրբազան իրաւունքին վրայ հիմնուած եւ իր քաջարի բնակչութեամբ տակաւին շնչող ու դէպի ապագան նայող եւ իւրաքանչիւր իրաւ հայու ազգային ոգիին ու խիղճին մէկ մասնիկը հանդիսացող, մեր սրտերուն հանրապետութեան անկախութեան օրը կը տօնենք այսօր:

Ներկայ իրավիճակով այսօր, այստեղ, Լեռնային Ղարաբաղի պատմութիւնը չէ, որ վերաքաղ ընել կ՛ուզեմ, ո՛չ ալ հռետորաբանութեան, կեղծիքի կամ հայրենասիրութիւն ծախելու տեղն է այս սիւնակը:

Այսօր ընդամէնը կ՛ուզեմ մեր սիրելի ընթերցողները լաւ ըմբոշխնեն ներքեւի նկարները:

Արցախի 44-օրեայ արհաւիրքին յաջորդող դպրոցական առաջին վերամուտն է: Թուականը՝ երէկ 1 Սեպտեմբեր 2021:

Վարժարանը՝ Մարտակերտի Վարդան Մինասեանի անուան թիւ 2 դպրոցը: Հերոսները՝ անոր ուսումնատենչ աշակերտներն ու իրենց հոգեհատորներուն  համար ամէն ինչ ընող ծնողները, նուիրեալ տնօրէնուհին եւ անձնուրաց ուսուցչուհիները: Արդարեւ, զոհաբերութեան գերագոյն աստիճանը իրենց ուսերուն վերցուցած, հայրենիքին մէջ ապրիլ ու արարել որոշած մէկական տիտաններ: Այս օրինակը մէկն է իր նման տասնեակներէն: Յարգանք իրենց:

Արցախի ճանապարհը մէկ է սիրելիներ: Ան կ՛անցնի գերագոյն զոհաբերութեան ընդմէջէն: Մնացեալ ամէն ինչը կեղծիք է եւ ինքնախաբէութիւն:

Պիտի ըլլան խաղաղ օրեր, պիտի գան նոր պատերազմներ, պիտի զոհուին հերոսներ: Դպրոցներ պիտի անուանակոչուին այդ հերոսներուն անուններով, ուր պիտի հասակ առնեն նոր հերոսներ, եւ այսպէս, ի հեճուկս միջազգային ահաբեկչութեան ռահվիրայ թուրքիոյ եւ ատրպէյճանին, Արցախը իր զաւակներով պիտի ապրի դարեր:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին