Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Դեղամիջոցներու Տագնապը Կը ՄՆայ Անլոյծ

Լիբանանի մէջ դեղերու տագնապը տակաւին անլոյծ կը մնայ: Ըստ «Արեւելք»ին, օրերս Լիբանանի Հարիրի հիւանդանոցի տնօրէն`բժիշկ Ֆիրաս Ապիատ,  «Ալ Հուրրա» հեռատեսիլային կայանի «Լիբանանեան պատկերը» ծրագրին տուած հարցազրոյցի ընթացքին կրկին անգամ ձայն բարձրացուցած էր եւ բնութագրած հիւանդանոցին վիճակը՝ ճգնաժամային: «Հիւանդանոցներու դիմագրաւած ամէնէն հիմնական դժուարութիւնները ներկայիս վառելանիւթն ու ելեկտրականութիւնն են: Հիւանդանոցի վարչական բաժնին մէջ լոյսերը անջատեցինք, օդափոխիչները մարեցինք, խնայելու վառելանիւթը յօգուտ հիւանդներուն»,- ըսած է տնօրէնը: 

Ապիատ ընդգծած է, թէ բացի դեղերու եւ բժշկական պարագաներու անբաւարարութեան հարցէն, ծագած է նաեւ բժշկական անձնակազմի հարցը. կարգ մը բժիշկներ ու հիւանդապահներ ձգած են հիւանդանոցը, որովհետեւ վառելանիւթ չըլլալու պատճառաւ անկարող են ապահովել փոխադրամիջոց: 

Բժիշկ Ապիատ ըսած է, թէ կառավարութիւնը վառելանիւթի յատկացուցած նեցուկը նուազեցնելով հարցին լուծում չէ տուած, «Եթէ հիւանդանոցը սուղ գնէ վառելանիւթը, ուրեմն այդ պիտի բարդուի հիւանդին կողմէ վճարելիք գումարին վրայ, ի մասնաւորի սեփական հիւանդանոցներուն մէջ,  եւ հիւանդը ի վիճակի չէ վճարելու գիներու այս մեծ տարբերութիւնը»,- շարունակած է տնօրէնը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի քաղցկեղի հիւանդներուն,  ան շեշտած է, թէ դեղերու անգտանելիութեան պատճառաւ անոնք  պիտի  դիմագրաւեն «հաւաքական կոտորած»: «Եթէ խօսինք քաղցկեղով հիւանդ մանուկներուն մասին, քիմիական բուժումի յաջողութեան տոկոսը կը կազմէ 90-էն աւելի, եւ ոճրագործութիւն է զրկել մանուկները այդ առիթէն դեղերու անբաւարարութեան պատճառաւ»,- նշած է բժիշկը: Ան աւելցուցած է, թէ հիւանդներուն հարազատները հնարաւորութիւն չունին արտասահմանէն ուղարկելու այսպիսի դեղեր, որոնք չեն վաճառուիր դեղարանները, այլ միայն կը տրամադրուին հիւանդանոցներուն: 

«Եթէ կառավարութիւնը ամբողջովին վերցնէ դեղերուն տրամադրուած նեցուկը եւ ազատ շուկայի մէջ վաճառուին անոնք, լիբանանցիներուն հազիւ 10-15 տոկոսը պիտի կարենայ գնել, որովհետեւ մեծամասնութիւնը արդէն աղքատութեան եզրէն ցած մակարդակի վրայ է»,- զգուշացուցած է բժիշկ Ապիատ: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին