Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Սիմէոն Սիւնակեաց

Սիմէոն Սիւնակեաց (389, Սիս, Կիլիկիա – 2 Սեպտեմբեր, 459, Քալաթ Սիման, Սուրիա), Ընդհանրական Եկեղեցւոյ նշանաւոր սուրբ, քրիստոնէական վանականութեան հիմնադիրներէն մէկը։

Սիմէոն Սիւնակեացը ինքն անձամբ աշխատանք չէ հեղինակած. շարք մը գիտնականներ հաւանական կը համարեն, որ ան նոյնիսկ գրաճանաչ չէ եղած։ Սիմէոն Սիւնակեացի կեանքի եւ գործունէութեան վերաբերեալ կարեւոր տեղեկութիւններ կը հաղորդեն շարք մը պատմական աղբիւրներ, որոնցմէ իր պարունակած կարեւոր տեղեկութիւններով յատկապէս ուշագրաւ է Սիմէոնի կենդանութեան օրոք Թեոդորետոս Կիւրացի կողմէ գրուած «Եկեղեցական պատմութիւն» աշխատութիւնը։ Սիմէոն Սիւնակեացի կենսագրութեան մասին կարեւոր տեղեկութիւններ կը պարունակեն նաեւ անյայտ հեղինակներու կողմէ ստեղծուած անոր յունարէն եւ ասորերէն վարքերը, որոնք գրուած են սուրբին վախճանէն յետոյ։

Սիմէոն Սիւնակեացի սեան մնացորդները

Սիմէոն Սիւնակեաց ծնած է 389 թուականին Կիլիկիոյ Սիս բնակավայրին մէջ՝ յունախօս քրիստոնեայ գիւղացի ընտանիքի մը մէջ։ Սկզբնական ժամանակ զբաղուած է հովւութեամբ, սակայն անգամ մը եկեղեցիին մէջ ան կը լսէ Ղուկասի Աւետարանի Զ, 21-26 հատուածը եւ կ՛որոշէ իրեն ամբողջութեամբ նուիրել Աստուծոյ։ Ան կը մտնէ վանք եւ կը մնայ այնտեղ 10 տարի։ Սակայն վանքի կեանքը անոր չի բաւարարեր, եւ ան կը որոշէ իրեն նուիրած խիստ ճգնակեցութեան։ Իրեն համար կ’ընտրէ անմարդաբնակ վայր մը եւ այնտեղ կը կառուցէ սիւն մը, որու վրայ ալ կը սկսի բնակիլ եւ ըստ աւանդութեան այլեւս երբեք չի լքէր զայն։ Ան կը մահուան 459 թուականին։ Սիմէոնի մահէն ետք անոր ճգնավայրը կը դառնայ քրիստոնէական կարեւոր ուխտատեղի, որ այժմ կը գտնուի ժամանակակից Սուրիոյ Հիւսիսը եւ կը կրէ Քալաթ Սիման անուանումը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին