Հինգշաբթի, 28. 03. 2024

spot_img

Յակոբ Սանտալճեան

Յակոբ Սանտալճեան (մօտաւորապէս 1867, Մանիսա, Փոքր Ասիա- 27 Օգոստոս 1917), հայ բժիշկ։

Ծնած է (հաւանաբար) 1867 թուականին Փոքր Ասիոյ արեւմուտքի Մանիսա քաղաքին մէջ։ 1892 թուականին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական վարժարանը։ Եղած է Փարիզի միջազգային բժշկական խորհուրդի անդամ։ Զմիւռնիոյ հայկական հիւանդանոցէն ներս եւ որպէս բժիշկ աշխատած է։ Ապա եղած է Նազիլլիի թաղապետական բժիշկ։

Մահացած է 1917 թուականի Օգոստոս 27-ին, ժանտախտէ՝ մօտ 50 տարեկան հասակին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին