Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Բաց Նամակ

ՀՀ ԱԺ Նորընտիր Պատգամաւոր Գեներալ Սեյրան Օհանեանին՝

Իշխան Սաղաթէլեանին ԱԺ Փոխ-խօսնակ Առաջադրման Իր Խօսքին Առիթով

Յարգելի Գեներալ Սեյրան Օհանեան,

Վերջապէս եւ իրարայաջորդ խեղկատակ եւ տուեալ թեկնածուն նսեմացնել ձգտող  քուէարկութիւններէ ետք, երրորդ անգամ քուէարկութեան դրուելու արդիւնքով, «Հայրենիք» դաշինքի թեկնածու՝ դաշնակցական կուսակցութեան Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ՝ Իշխան Սաղաթէլեան ընտրուեցաւ ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխ-խօսնակ:

ՀՀ Ազգային ժողովին ամպիոնէն արտասանուած Իշխան Սաղաթէլեանին ԱԺ Փոխ-խօսնակ առաջադրման Ձեր խօսքին նախաբանին նման, մենք ալ մեր կարգին կը յիշեցնենք սոյն Բաց Նամակը կարդացող մեր ընթերցողներուն, որ ՀՀ Սահմանադրութեան 104-րդ յօդուածի առաջին մասին համաձայն ԱԺ Խօսնակի տեղակալներէն մէկը կ՛ընտրուի ընդդիմադիր խմբակցութիւններու մէջ ընդգրկուած անդամներէն:

Այս նամակին մէջ զանց առնելով քննադատել սահմանադրութեան մէջ առկայ անտեղի քուէարկութեան պարտադրանքին անհեթեթութիւնը, երբ նկատի ունենանք, որ գոնէ այս նստաշրջանին համար ընդդիմութեան ներկայացուցած թեկնածուն մէկ հոգի է, կ՛ուզենք Ձեր խօսքին մէջ տեղ գտած անճշդութիւն մը անպայմանօրէն մատնանշել, Ձեզմէ խնդրելով սրբագրել զայն:

Յարգելի Գեներալ,

Թեկնածու մը առաջարկելու ճառի մը մէջ ընդունուած նորմ կը համարենք, որոշ չափազանցութիւններ ու գովասանքներ, սակայն աշխարհով մէկ սփռուած Ձեր խօսքին մէջ աններելի կը նկատենք ՀՅԴաշնակցութիւնը կոչել, («Երկիր Մետիա»յին նկարահանած տեսերիզին 6:03-րդ վայրկեանէն սկսեալ հնչած

ձեր բառերով. «մեր ազգային պետական-քաղաքական կեանքում՝ Հայաստանում եւ Սփիւռքում բացառիկ դերակատարութիւն ունեցող, մեր պատմութեան ամենահին աւանդական քաղաքական ուժը…»:

Մեր կողմէն ոչ անպայմանօրէն առարկայական կարծիքով մը կրնանք համաձայնիլ, որ ՀՅԴաշնակցութիւնը մեր պատմութեան ընթացքին բացառիկ դերակատարութիւն ունեցած է… վերջին աւելի քան հարիւր տարիներուն ընթացքին շատ մը անգամներ պատուհաս հանդիսանալով մեր ժողովուրդին՝ երբեմն բարեմիտ ու անփորձ, սակայն շատ յաճախ ալ իր ինքնանպատակ եւ անուղղելի հատուածապաշտութեամբ մը: Վերջին օրինակը՝ «Հայրենիքի Փրկութեան Ճակատ»-ին ձախողութիւնն էր «ի պատիւ» անոր իբր թէ  համակարգումը ստանձնած, կուսակցական փրոփականտը ազգային շահերէն աւելի գերադասող դաշնակցական պատմական ուղեգիծին:

Սակայն ինչ կը վերաբերի իր «ամենահին աւանդական քաղաքական ուժը» ըլլալուն, ներեցէ՛ք մեզի եթէ շեշտենք, որ գիտա-պատմականօրէն Դուք չարաչար կը սխալիք եւ այս մէկը կարծիք մը չէ մեր կողմէ, այլ անհերքելի փաստ: Հայկական իրականութեան  մէջ դաշնակներէն աւելի հին Հայ քաղաքական ուժեր կան  որոնք տակաւին իրենց ազգային-քաղաքական ժառանգութեամբ ազդու դերակատարութիւնը ունին Հայոց արդի պատմութեան մէջ:

Ձեր մասնագիտութեան չպարտադրած գործօնով մենք հասկնալի կը նկատենք պատմութեան վերաբերող Ձեր շփոթը, սակայն կ՛ենթադրենք, որ Սաղաթէլեանի եւ իր ներկայացուցած կողմին կենսագրութիւնը նոյնինք Սաղաթէլեանը կամ իր ներկայացուցած կողմը Ձեզի տրամադրած է առկայ մանրամասնութիւններով:  Նման պահերու համար պարզ եւ ընդունուած կարգ է սա: Այսու ամենայնիւ, ըստ կենսագրութեան, պատմական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան ունեցող կողմը նման պատմական սխալ չի կրնար կատարել: Մեր նպատակը այս առումով անձնական ցեխարձակում չէ: Այս բանը դէմ է մեր սկզբունքներուն: Սակայն տուեալ այդ դիտաւորեալ սխալը յստակ գաղափար մը կու տայ դաշնակցական դպրոցին ինքնակեդրոն եւ դիտումնաւոր կերպով հանրութեան գիտակցութիւնը սխալ առաջնորդելու քաղաքականութեան մասին, որուն զոհն ու խօսնակը մենք չենք ուզեր, որ Սեյրան Օհանեանը ըլլայ:

Յարգանքներով՝

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին