Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Հիւանդանոցները Կ՛ահազանգեն. Լիբանանի Ճգնաժամը Աւելի Եւս Կը Սրի

Լիբանանի պատմութեան տնտեսական ամենավատ ճգնաժամը աւելի եւս կը սրի մինչ հիւանդանոցները կ՛ահազանգեն, թէ վիճակը «քաթասթրոֆային» է ինչ կը վերաբերի իրենց հոսանքով մատակարարման: Անոնք կը նշեմ, որ ընդամէնը ժամեր առաջ են այն պահէն, ուր իրենց ելեկտրածին սարքերու վառելանիւթը կը սպառի:

Լիբանանի ելեկտրականութեան ընկերութիւնը արդէն շատոնց դադրած է հոսանք արտադրելէ, բան մը, որ հաստատութիւններուն եւ քաղաքացիներուն ուսերուն ձգած է իրենց պէտք եղած ելեկտրականութիւնը սեփական միջոցներով ապահովել:

Միւս կողմէ շատ հաւանական է, որ Պէյրութի առաջնակարգ պանդոկները եւս յառաջիկայ օրերուն փակեն իրենց դռները։

Արդարեւ, ելեկտրականութեան սուր տագնապի առաջացման պատճառով Պէյրութի մէջ գործող շարք մը առաջնակարգ պանդոկներու պատասխանատուները, իրենց հիւրերէն խնդրած են լքել իրենց սենեակները։

Կը նշուի նաեւ, որ վառելանիւթի սակաւութեան պայմաններուն մէջ նոյնիսկ ելեկտրական անկախ համակարգ ունեցող պանդոկները կրնան մնալ մութի մէջ ու այդ պատճառով ալ նախընտրած են ժամանակաւորապէս փակել իրենց դռները։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին