Հինգշաբթի, 28. 03. 2024

spot_img

Ազրպէյճանական Կողմի Հետ Փոխհրաձգութեան Հետեւանքով՝ ՀՀ ԶՈՒ 3 Զինծառայող Վիրաւորուած է

Ազրպէյճանի զինուած ուժերը Յուլիս 23-ին, ժամը 17։00-ի սահմաններուն, կրակած են հայ-ազրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին վրայ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ։

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ անոր նախորդած են կրակահերթեր իրենց՝ ազրպէյճանական մարտական հենակէտերու մէջ, որ կրնայ կապուած ըլլայ ազրպէյճանցի զինուորականներու միջեւ տեղի ունեցած միջանձնային բնոյթ կրող միջադէպին հետ։ Ատոր մասին կը խօսի նաեւ այն փաստը, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ, թէ հայկական կողմի բացած կրակէն ետք՝ ազրպէյճանցի զինուորական զոհուած է։ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ հակազդող գործողութիւններու չէ դիմած մինչեւ այն պահը, երբ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը կրակած են հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ։

«Ազրպէյճանական կողմի հերթական սադրանքին իբրեւ արդիւնք սկսած փոխհրաձգութեան հետեւանքով թեթեւ վիրաւորուած է ՀՀ ԶՈՒ 3 զինծառայող։ Անոնց կեանքին վտանգ չսպառնար»,- նշուած է հաղորդագրության մեջ։

Ըստ աղբիւրին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու հերթական սադրանքը։ Իրադրութեան սրման ողջ պատասխանատւութիւնը կ՝ինայ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վրայ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին